2014-01-11 10:08:58

Ռուս-Ամերիկեան խորհրդակցութիւնները «Ժընեւ-2»-ի գումարման ջանքերու աշխուժացման կարեւորութիւնը կը շեշտեն


Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը յայտնէ, որ Մոսկուայի մէջ Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարարներ Միխայիլ Պոկտանովի, Կենատի Կաթիլովի եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի քաղաքական հարցերով տեղական Ուինտի Շըրմընի միջեւ տեղի ունեցած խորհրդակցութեան ընթացքին մասնակիցները հաստատած են, որ Սուրիոյ տագնապը միայն քաղաքական ու դիւանագիտական միջոցներով կը լուծուի:
Անոնք Սուրիոյ հարցով «Ժընեւ-2» միջազգային խորհրդաժողովը իր ճշդուած ժամկէտին, այսինքն` 22 յունուարին գումարելու ձգտող ջանքերը աշխուժացնելու կարեւորութիւնը շեշտած են:
Անոնք համամիտ գտնուած են ձեռնարկելու միջսուրիական ուղղակի բանակցութիւններու, որպէսզի սուրիացիները իրենք ճշդեն իրենց երկրին ապագան` հիմնուելով Ժընեւի հաղորդագրութեան վրայ:
Հաղորդագրութիւնը նշեց, որ խորհրդակցութեան մասնակիցները համամիտ գտնուած են, որ սուրիական կառավարութիւնն ու ընդդիմութիւնը միացեալ ջանքերով պայքար մղեն ահաբեկչական խմբաւորումներուն դէմ, որոնց գործունէութիւնը Սուրիոյ ապագան ու շրջանի կայունութիւնը կը վտանգէ:







All the contents on this site are copyrighted ©.