2014-01-11 10:36:42

Թըպպանէի մէջ երեք զինուորներ կը վիրաւորուին


Թրիփոլիի Պապ Թըպպանէ շրջանին մէջ լիբանանեան բանակի շրջուն ջոկատի մը եւ կարգ մը զինեալներու միջեւ զինեալ բախումներ արձանագրուեցան «Խալիլ Ռահման» մզկիթին մօտակայքը:
Ուրբաթ օրուան նամազին առիթով` զինեալները կը հսկէին «Խալիլ Ռահման» մզկիթին մայր դուռը, իսկ բանակի ջոկատը արգիլած էր զինեալ այդ երեւոյթը, ինչ որ պատճառ դարձած էր զինեալ բախումի մը, որուն պատճառով վիրաւորուեցան լիբանանեան բանակի երեք զինուորներ:
Թրիփոլիի բոլոր մզկիթներուն մէջ քարոզող շէյխերը կոչ ուղղեցին հանդարտեցնելու կացութիւնը, ինքնազսպումի ենթարկուելու եւ բանակին հետ բախումներ չունենալու:
Պապ Թըպպանէի մօտակայքը ստեղծուած այս կացութիւնը անմիջապէս կարելի եղաւ հակակշռել:







All the contents on this site are copyrighted ©.