2014-01-11 10:48:20

Է. օր Յայտնութեան, Մատթ 3, 1-17


RealAudioMP3 Վաղը կը բոլորենք յայտնութեան ութօրէքի շրջանը: Յայտնութեան շրջանին կարդացինք Յովհաննէս Մկրտիչի մասին աւետարանները, որովհետեւ յայտնութեան տօնը ոչ միայն յիշատակն է այն դրուագին ուր, Աստուած կը յայտնուի Մոգերուն, այլ նաեւ Յիսուսի Քրիստոսի Յորդանանի գէտին մէջ Մկրտութեան յիշատակն է:
Այսօրուայ հատուածին մէջ յստակ կերպով կը յայտնուի Յովհաննէս Մկրտիչի անձը, նկարագիրը եւ պաշտօնը:
Ղուկաս աւետարանին մէջ կը կարդանք որ Յովհաննէսի ծնունդը, ծեր հօրմէ, Զաքարիայ քահանայէն, եւ ամուլ ու ծեր կնոջմէ, Եղիսաբէթէն, ուղղակի մեծ հրաշք մըն էր: Զաքարիայ քահանանան մինչ ան տաճարին մէջ սրբութեան խորանը կը խնկարկէր, ահա Աստուծոյ պատգամաւորը` Գաբրէիլ Հրեշտակապետը անոր կ՛երեւայ եւ կ՛ըսէ. «Կինդ Եղիսաբէթը պիտի ծնանի որդի մը եւ դուն պիտի պիտի անուանես զինք Յովհաննէս: ԱՆ մեծ պիտի ըլլայ Աստուծոյ առջեւ. մօր արքանդին մէջ իսկ պիտի լեցուի Ս. Հոգիով: Իսրայելի որդիներէն շատեր պիտի դարձնէ Տէր Աստուծոյ: Պիտի քալէ անոր առջեւէն Եղիայի հոգիով ու զօրութեամբ` հայրերուն սրտերը դարձնելու համար դէպի իրենց որդիները. լաւ տրամադրուած ժողովուրդը պատրաստելով Տիրոջ» (Ղուկ 1, 13-17):
Ուստի Յովհաննէսին ծնունդը եւ կոչումը ուղղած են պատրաստելու Քրիստոսի գալուստը: Յովհաննէս Մկրտիչ յայտնուեցաւ երբ 30 տարեկան էր: Ան կը շրջէր ուղտի բուրդով շինուած պարեգոտով մը ու մէջքին կապած էր կաշիէ գոտի մը, եւ կը սնանէր մարախներով եւ վայրի մեղրով: Ան շատ մահացուցած կեանք կ՛ապրէր: Մեծ թիւով մարդիկ կու գային եւ իրմէ կը մկրտուէին Յորդանան գետին մէջ ու կը խոստովանէին իրենց մեղքերը: Կեղծաւորներուն, փարիսեցիներուն եւ սադուկեցիներուն խիստ կը յանդիմանէր. « Իժերու (օձերու) ծնունդ, ո՞վ թելադրեց ձեզի խուսափիլ վերահաս բարկութենէ»: Այս խօսքերով` ան ամէն տեսակ դասակարգի պատկանող ժողովուրդը կը հրաւիրէր փոխելու իրենց առաջուայ հին եւ կեղծաւոր կեանքը, եւ առանց պայմանի դառնալու առ Աստուած:
Այսօր ալ Յովհաննէս Մկրտիչ կը յայտտնուի Հայ ազգի զաւակներուն ըսելով. - ով Հայոց ազգի զաւակներ, ապաշխարութեան արժանի պտուղ տուէք եւ մի՛ գոհանաք ըսելով թէ մենք մեծ պատիւն ունինք առաջին քրիստոնեայ ազգը հանդիսանալու: Մեր ժողովուրդը դարձաւ առաջին ազգը որ Քրիստոսին բոցավառ լոյսը ընդունեց շնորհիւ Ս. Ներսէս եւ Ս. Սահակ մեծ Հարապետներուն, որոնք Քրիստոնէական լոյսով պայծառացուցին Հայաստան աշխարհը: Յովհաննէս Մկրիչ մեզի կ՛ըսէ. հպարտ եղէ՛ք, որ առաջին ազգը եղաք Քրիստոսի անունը կրելու, Քրիստոսին աւետիսը, բարի լուրը ընդունելու, եւ զայն փոխանցելու իրարայաջորդ սերունդներուն: Քրիստոս ձեզի յայտնուեցաւ եւ դուք հայերդ եղաք առաջին ճանչցողները եւ գնահատողները այդ յայտնութեան: Սակայն այսօր ի՞նչ կը յայտնուի ձեզի: Զգոյշ եղէ՛ք. այսօր Քրիստոս չէ որ յայտնուի ձեզի այլ ուրիշ սուտ Քրիստոսներ, մորմոններ, Եհովայի Վկաններ, եւ այլեւայլ աղանդներ եւ աղանդաւորներ: Անհաւատութիւնը եւ դերահաւատութիւնը մուտք գործած է ձեր սրտերուն մէջ: Վտանքի զանքը կը հնչէ ամէն կողմ. Իսկապէս ողբալի վիճակ մը դարձած է ձեր հրաշալի հայրենիքը: Ո՛վ հայ ժողովուրդ, ապաշխարեցէ՛ք եւ դարձէ՛ք ձեր ակունքներուն, որովհետեւ տապարը արդէն իսկ մխրճուած է եւ այն հայրենիքը որ ընտիր պտուղ չի տար պիտի կտրուի աշխարհի մակերեսէն եւ արյաւէտ անհետանայ:
Արդ, Եռանդով խնդրենք Յիսուսէն, որ ինքզինք յայտնեց հեթանոս Մոգերուն, եւ ապա Յորդանանի մէջ Յովհաննէս մկրտիչին եւ Յովհաննէս Մկրտիչով` ամբողջ աշխարհին, ինքզինք վերստին յայտնէ հայ ազգին, որպէսզի հայ ազգը վերստին գտնէ իր հայրերուն ճշմարիտ ու սուրբ հաւատքը, ու վերստին դառնայ Յիսուսին գիրկը, ուր հոն պիտի գտնէ իր ամբողջ փրկութիւնը եւ իսկական հարստութիւնը ու երջանկութիւնը: Ամէն:








All the contents on this site are copyrighted ©.