2014-01-10 12:21:52

Ֆրանչիսկս Սրբազան Քահանայապետի Գործունէութիւնը։ Հանդիպում Քահանայապետական Տան ներքեւ ծառայութիւն մատուցած ազնուականներուն եւ աթոռակիրներուն հետ։


Ուրբաթ 10 յունուարի առաւօտեան ժամը 10,30-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, իր գրասենեակի մէջ ընդունեց Հաւատոյ Ժողովի Կառավարիչը Կարտինալ Կէրարտ Լուտուիկ Միւլլէր, ապա Հոլանտայի Ուդրէխդ թեմի Արքեպիսկոպոս` Կարտինալ Ուիլլէմ Եագոպուս Էյժք։
Ժամը 11,45 անց Նորին Սրբութիւնը Գլեմենդինա սրահին մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց ''Քահանայապետի Ազնուական Պարոններ'' ուն ու անոնց ընտանեկան պարագաներուն, ապա ժամը 12,15 անց Գոնչիսթորօ սրահին մէջ, ընդունեց ''Քահանայապետական աթոռակիրները'' ու անոնց ընտանեկան պարագաները։
''Քահանայապետական աթոռակիրները անոնք են որ ժամանակին Քահանայապետի աթոռը իրենց ուսերուն վրայ կը շալկէին եւ ծառայութիւն կը մատուցէին Քահանայապետական Տան ներքեւ։ Երջանկայիշատակ Յովհաննէս Պօղոս Բ օրով է որ ''աթոռակիրներու'' Քահանայապետի աթոռը շալկելու գործը ընդհատուեցաւ, ու անոնք շարունակեցին իրենց ծառայութիւնը մատուցել Քահանայապետական Տան մէջ, զբաղելով հիւրերու հիւրընկալութեամբ։ Քահանայապետական աթոռակիրները կը մասնակցին նաեւ Քահանայապետի հրապարակային ունկնդրութիւններուն եւ բոլոր այն ձեռնարկներուն որոնց ընթացքին Նորին Սրբութիւնը հանդիպում կ՛ունենայ հաւատացեալներուն հետ։ Աթոռակիրներու պարտականութիւններէն մին է նաեւ Քահանայապետը փոխադրել շարժուն փոխադրակառքով երբ Ան` զանազան պատճառներու բերումով անկարող է քալելու։ Քահանայապետի մահուան` իրենց կ՛իյնայ շալկել ննջեցեալ Քահանայապետի դագաղը։
Մինչ ''Քահանայապետի Ազնուական Պարոն'' ի տիտղոսը հաստատուած է Պօղոս Զ-ի օրով, 28 մարտ 1968-ին, Քահանայապետի իքնագիր նամակով ։ Անոնց պարտականութիւնն է Վատիկան ժամանող եւ Սրբազան Քահանայապետի պաշտօնական այցելութիւն տուող Պետական ներկայացուցիչներուն ընկերանալ։ ''Քահանայապետի Ազնուական Պարոն'' ի տիտղոսը պատուական ամենաբարձր տիտղոսն է շնորհուած Սուրբ Աթոռի կողմէ։

Ֆրանչիսկոս Պապը երկու վերոյիշեալ հանդիպումներու ընթացքին խօսքը ուղղելով բոլոր ներկաներուն, շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց մատուցած նուիրական ծառայութեան համար, հրաւիրելով զանոնք, Սուրբ Ծննդեան այս շրջանին, աղօթելու որպէսզի Ծննդեան լոյսը շարունակէ ճառագայթել ընտանեկան կեանքի եւ աշխատանքի առօրեային մէջ, յառաջացնելով Հաւատքի լոյսը որ կը բացայայտուի ողորմութեամբ եւ բարեգործութեամբ։ Ան ապա Աստուածամօր հովանիին յանձնեց բոլոր ներկաները ու մաղթեց խաղաղութեան ու ամենայն բարիքի մաղթանքներ, խնդրելով որ աղօթեն իրեն համար եւ ապահովցնելով անոնց իրեն աղօթքները։







All the contents on this site are copyrighted ©.