«ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով Քրեմլինի մամլոյ ծառայութիւնը, կը
հաղորդէ, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիի հետ ունեցած
հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին քննարկած է Իրանի հիւլէական թղթածրարին վերաբերող
հարցեր եւ Սուրիոյ հարցով «Ժընեւ-2» միջազգային խորհրդաժողովին պատրաստուելու հարցը: «Քննարկուած
են տարբեր մարզերու մէջ երկկողմանի փոխշահաւէտ համագործակցութեան զարգացման առնչուող
հարցեր, ինչպէս նաեւ արդի միջազգային խնդիրներ, ներառեալ` Սուրիոյ մէջ կացութիւնը եւ
իրանեան հիւլէական ծրագիրին շուրջ համաձայնութիւններու իրականացումը», կը նշուի Քրեմլինի
հաղորդագրութեան մէջ: Սուրիոյ վերաբերեալ միջազգային խորհրդաժողովը նախատեսուած է
կայացնել 22 յունուարին Զուիցերիոյ Մոնթրէօ քաղաքին մէջ: Իրանի մասնակցութեան վերաբերեալ
տակաւին որոշում գոյութիւն չունի: