2014-01-10 10:21:58

Իսրայէլի մէջ քրիստոնեայ հասարակութեան թիւը յաւելում կ՛արձանագրէ


8 յունուար 2014 ին, Իսրայէլի վիճակագրութեան կեդրոնական գրասենեակի հրապարակած տեղեկատուութեամբ, ի յայտ կու գայ թէ երկրին մէջ քրիստոնեայ հասարակութեան թիւը աճ արձանգրած է։ Արդարեւ 2013 տարեշրջանին, 3000 քրիստոնեայ աւելցած է որոնցմէ մօտաւորապէս 80 առ հարիւրը Արաբ քրիստոնեաներ են։ Նշենք, թէ քրիտոնեայ հասարակութեան մեծամասնութիւնը կը բնակի երկրին հիւսիսային շրջանները։
Վերջին տասնեակ տարիներուն ընթացքին, միջին արեւելքի մէջ քրիստոնեաներու թիւը նուազած է պատերազմներու եւ հալածանքներու պատճառաւ։ 20րդ դարու սկիզբները, քրիստոնեաները միջին արեւելքի ընդհանուր բնակչութեան 15 առ հարիւրը կը ներկայացնէին, իսկ 21 դարու սկիզբը՝ անոնց թիւը իջած է 5 առ հարիւրի։







All the contents on this site are copyrighted ©.