Ըստ հետազօտութեան մը. աշխարհի վրայ կը հալածուի աւելի քան 100 միլիոն քրիստոնեայ
«Տէօչը Վելէ» կը գրէ, որ «Օփըն Տորզ» կազմակերպութեան կողմէ չորեքշաբթի, 8 յունուարին
հրապարակուած «Հետապնդումներու համաշխարհային ցուցանիշ» խորագրեալ հետազօտութեան համաձայն,
աշխարհի վրայ հալածանքի կ՛ենթարկուի աւելի քան հարիւր միլիոն քրիստոնեայ: Ըստ ցուցանիշին,
առաջին դիրքի վրայ է Հիւսիսային Քորէան: Հիւսիսային Քորէայի այն քաղաքացիները, որոնց
մօտ Աստուածաշունչ յայտնաբերուած է, մահապատիժի վտանգը կը դիմագրաւեն: Աւելի՛ն, խիստ
պատիժի կ՛ենթարկուի ամբողջ ընտանիքը: Հիւսիսային Քորէային կը յաջորդեն այն երկիրները,
ուր բռնութեան կը դիմեն հիմնականին մէջ իսլամական ծայրայեղականները: Այդ երկիրներուն
շարքին են Սոմալին, Սուրիան, Իրաքը, Աֆղանիստանը, Սէուտական Արաբիան, Մալտիւեան կղզիները,
Փաքիստանը, Իրանը եւ Եմէնը: Ընդհանուր առմամբ, ցանկին վրայ յայտնուած է 50 երկիր, ուր
քրիստոնեաները հալածանքի կ՛ենթարկուին: Լուրջ մտահոգութիւն կը յառաջացնէ Ափրիկէի մէջ
քրիստոնեաներու հալածանքը: Գերմանիոյ մէջ «Օփըն Տորզ»-ի մասնաճիւղի ղեկավար Մարքուս
Ռոտէ յայտարարած է, որ «դժբախտաբար, քրիստոնեաներուն նկատմամբ հրէշային դաժանութիւններ
չեն արժանանար միջազգային հանրութեան անհրաժեշտ ուշադրութեան»: