2014-01-10 10:21:30

Եւրոյի Գօտիին մէջ շուրջ 20 միլիոն մարդ գործազուրկ է


«Քորեսփոնտընթ» կը գրէ, որ Եւրոպական յանձնաժողովի հրապարակած պաշտօնական տուեալներուն համաձայն, Եւրոյի գօտիի երկիրներուն մէջ գործազուրկներու թիւը նախորդ տարուան ընթացքին աւելցած է գրեթէ կէս միլիոնով, իսկ առանց աշխատանքի մարդոց ընդհանուր թիւը 19.2 միլիոն է:
Ըստ վիճակագրական տուեալներուն, Եւրոյի գօտիին մաս կազմող 17 երկիրներուն մէջ գործազուրկներուն թիւը 2012-ի նոյեմբերէն մինչեւ 2013-ի նոյեմբեր աճած է 452 հազարով:
Այսպիսով, Եւրոպական Միութեան մէջ ընդհանուր 26.5 միլիոն գործազուրկ կայ, իսկ Եւրոյի գօտիի երկիրներուն մէջ` 19.2 միլիոն գործազուրկ:
Ամէնէն վատ վիճակին մէջ է Յունաստանը, ուր գործազուրկ է գործունակ բնակչութեան 27.4 առ հարիւրը, երկրորդ դիրքը կը գրաւէ Սպանիան` 26.7 առ հարիւր ցուցանիշով:
Աւստրիոյ մէջ գործազրկութեան պաշտօնական ցուցանիշը 4.8 առ հարիւր է, իսկ Գերմանիոյ մէջ` 5.2 առ հարիւր:







All the contents on this site are copyrighted ©.