11 -16 յունուար 2014, Սուրբ Երկրի Կաթողիկէ Եկեղեցին եւ քրիստոնեաները երաշխաւորող,
Միացեալ Նահանգներու, Ափրիկէի եւ Եւրոպական Միութեան եպիսկոպոսներու համահաւագ դասերը
համակարգող միացեալ յանձնախումբը, իր տարեկան այցը կը կատարէ Սուրբ Երկիր։ Սուրբ
Երկիր կեցութեան ընթացքին պատուիրակութեան անդամները պիտի այցելեն ''Կազայի'' քրիստոնեայ
փոքր համայնքը ուր նաեւ պիտի կայանայ հանդիպում մը քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներուն
հետ ինչպէս նաեւ տեղի պիտի ունենան բանախօսութիւններու շարք մը, դեսպաններու ու միջազգային
հասարակութեան բարձրաստիճան դիւանագէտներու մասնակցութեամբ։ Օրակարգը կը նախատեսէ
նաեւ հանդիպում մը Բեթղեհէմի համալսարանի աշակերտութեան հետ եւ Պէյդ Սահուր գիւղաքաղաքի
քրիստոնեայ բնակչութեան հետ։ Նախատեսուած է նաեւ այցելութիւն կատարել Գրէմիզան հովիտի
շրջանը, ուր Իսրայելի կառավարութեան որոշումով բարձրացած ''բաժանումի պատը'' կը սպառնայ
50 քրիստոնեայ ընտանիքներու ճակատագրին։ Յայտնենք որ վերոյիշեալ եպիսկոպոսներու տարեկան
այս այցելութեան աւանդութիւնը սկիզբ առած է 1998-ին եւ կը կրկնուի ամէն տարի յունուար
ամսուայ ընթացքին։ Իրենց կեցութեան ընթացքին, Եպիսկոպոսներու համահաւագ դասերը համակարգող
յանձնախումբի անդամները, 15 յունուարին, յատուկ հանդիպում մը պիտի ունենան նաեւ Սուրբ
Երկրի Կաթողիկէ Եկեղեցիներու Հովուապետերու եւ Երուսաղէմի Լատիններու Պատրիարք` Ֆուատ
Թուալին հետ։