2014-01-10 12:03:36

''Եկեղեցին լի է նահանջող քրիստոնեաներով'' ըսաւ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը 10 յունուարի իր քարոզին մէջ։


''Եկեղեցին լի է նահանջող քրիստոնեաներով, կէս համոզումով քրիստոնեաներ, մինչ հաւատքը ամէն բան կարող է եւ կը յաղթէ աշխարհին, սակայն հարկ է քաջութիւն ունենալ Աստուծոյ վստահելու''։ Այսպէս արտայայտուեցաւ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը այսօր` ուրբաթ 10 յունուրի առաւօտեան, Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած սուրբ պատարգի ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ։ Ան ապա մատնանշեց հարկաւորութիւնը ''մնալու Տիրոջ մէջ'', սիրելու համար զԱստուած ու մերձաւորը։
Հաւատքը – ըսաւ Քահանայապետը - Աստուած դաւանիլ է` Աստուած որ կը յայտնուի մեր մէջ, պատմութեան Աստուածը։ Այս է այն ինչ որ կը դաւանինք ամէն օր, Հաւատամքի հանգամանքին մէջ։ Սակայն պէտք չէ թութակի նման արտասանենք Հաւատամքը, այլ իսկապէս հաւատալ մեր արտասանած խօսքերուն։ Այն որ հաւատքը կը դաւանի, կարող է իսկապէս փառաբանել զԱստոուած ու երկրպագել Անոր։ Այն մարդը որ հաւատք ունի – ըսաւ Նորին Սրբութիւնը - Աստուծոյ կը վստահի – ու աւելցուց`- Աստուծոյ եւ Յիսուսի վստահիլը, մեզ յոյսի կ՛առաջնորդէ։ Շատ մը քրիստոնեաներ կ՛ապրին տկար յոյսով, որովհետեւ քաջութիւնը չ՛ունին վստահելու Տիրոջ, սակայն այն քրիստոնեաները որ կը հաւատան ու կը դաւանին հաւատքը, կը պահպանեն զայն եւ կը վստահին Աստուծոյ, յաղթական քրիստոնեաներ են։ ''Այս է մեր յաղթանակը որ կը յաղթէ աշխարհին` Հաւատքը'', եզրափակեց Քահանայապետը։








All the contents on this site are copyrighted ©.