2014-01-10 10:47:30

Արեւելեան Կաթողիկէ Եկեղեցիներու Ժողովի կառավարիչը Կարտինալ Լէոնարտօ Սանտրին 10էն 13 յունուար Լիբանան կը մեկնի։


Արեւելեան Կաթողիկէ Եկեղեցիներու Ժողովը, 10 յունուարի առաւօտեան հրատարակած հաղորդագրութեամբ մը, կը տեղեկացնէ, թէ Ժողովի կառավարիչը` կարտինալ Լէոնարտօ Սանտրին, 10էն 13 յունուար Լիբանան կը մեկնի, մասնակցելու համար Հալէպի Առաքելական Տեղապահ` գերապայծառ Ժորժ Ապու Խազէնի եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան, որ տեղի պիտի ունենայ 11 յունուարի յետմիջօրէի ժամը 3-ին, Պէյրութի Սուրբ Յովսէփ Եկեղեցւոյ մէջ։
Եպիսկոպոսական օծման արարողութեան կը մասնակցին Լիբանանի եւ Սուրիոյ Քահանայապետական ներկայացուցիչներ ` Գերապայածառ Զէնարի Եւ Գերապայծառ Գաչիա, ինչպէս նաեւ Սուրբ Երկրի Պահակ` Հայր Փիէրպաթթիսթա Փիցցապալլա։ Կարտինալ Սանտրիի ներկայութիւնը կ՛ուզէ մատնանշել` նորօծ եպիսկոպոսին եւ Սուրիոյ տագնապի զոհ քրիստոնեայ հասարակութեան, Առաքելական սուրբ Աթոռի մօտիկութիւնն ու թիկունքը։
Իր կեցութեան ընթացքին Կարտինալ Սանտրին, Զահլէի Սուրբ Փրկիչ կոչուած միաբանութեան կեդրոնի մէջ, պիտի նախագահէ Սուրբ պատարագի զոհին ու ապա հանդիպում պիտի ունենայ շրջանի մէջ ապաստանած սուրիացի գաղթականներուն հետ անոնց տանելով մխիթարութիւն եւ նիւթական օժանդակութիւն։

Վերադարձի ճանապարհին, Ծիրանաւորը, հանգրուան պիտի կատարէ ''Սայէտէթ էլ Մանդարայի'' սրբավայրին մօտ, նորոգելու համար Աստուածամօր նուիրագործումը եւ ''Խաղաղութեան Թագուհիէն'' խնդրելու` Լիբանանի, Սուրիոյ ու համայն Միջին Արեւելքին համար խաղաղութիւն։
Կարտինալ Սանտրիի Լիբանան այցելութիւնը կ՛եզրափակուի Մարոնի Անտոնեան Միաբանութեան մատակարարած համալսարանի աշակերտութեան եւ ուսումնական կազմին հետ հանդիպումով։
Յայտնենք որ ուրբաթ 10 յունուարի երեկոյեան, Լիբանան ժամանումին, Կարտինալ Սանտրին` Պքէրքէի մէջ կը մասնակցի աղօթքի հանդիպումի մը, որմէ ետք տեղի կ՛ունենայ պատուոյ ընթրիք, որուն կը մասնակցին Լիբանանու Կաթողիկէ Եկեղեցիներու Պատրիարքները, որոնց շարքին Ներսէս Պետրոս ԺԹ Տանն Կիկիլիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրաիրքը, ինչպէս նաեւ այլ եպիսկոպոսներ։ Ընթրիքին իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամ Ա։







All the contents on this site are copyrighted ©.