2014-01-09 12:41:51

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի պաշտօնական հանդիպումները։


Սուրբ Ծննդեան եւ Ամանորի տօներու հակիրճ դադարէն ետք, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը վերսկսաւ իր պաշտօնական հանդիպումները։
Հինգշաբթի, 9 յունուար, առաւօտեան ժամը 10,30-ին, Նորին Սրբութիւնը իր գրասենեակի մէջ ընդունեց Փղոսկրեայ Ափունքի նոր անունուած դեսպան` Տիար Սեւերին Մադիաս Աքէօ, հաւատարմագրերու ներկայացումի առթիւ։
Ապա ժամը 11-ին, Սրբազան Հայրը ընդունեց Արժանթինի Քորտոպա թեմի Արքեպիսկոպոսը, գերապայծառ Գարլոս Խօսէ Նանիէզ։ Հուսկ 11,30-ին, յաջորդաբար ընդունեց Լացիօ մարզի Նախագահ` Նիքոլա Ծինկարեդդի, Հռոմի քաղաքապետը, Ինիացիօ Մարինօն, ու Հռոմ գաւառի արտակարգ յանձնակատար` Ոստիկանապետ` Րիքքարտօ Գարբինօն։
Յայտնենք որ յառաջիկայ կիրակի 12 յունուարին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Սիքստեան Մատրան մէջ, նորածին մանուկներուն պիտի մատակարարէ Սուրբ Մկրտութեան խորհուրդը։Մինչ 19 յունուարին պիտի այցելէ Հռոմի մէկ ժողովրդապետութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.