2014-01-09 12:55:36

''Քրիստոնէական սիրոյ իւրայատկութիւնը ''դրական'' ըլլալն է'' – ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը, իր 9 յունուարի արտասանած քարոզին մէջ։


Հինգշաբթի, 9 յունուար, առաւօտեան ժամը 7-ին, Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած սուրբ պատարագի ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ, Ֆրանչիսկոս Պապը հաստատեց թէ ''Քրիստոնէական սիրոյ իւրայատկութիւնը ''դրական'' ըլլալն է։ Սէր մըն է – ըսաւ Քահանայապետը - որ կը յայտնուի գործով եւ ոչ թէ խօսքով, կը կայանայ աւելի տալու քան առնելու մէջ։'' ''Ոչ մի ''Ռոմանթիզմ''` –աւելցուց Նորին Սրբութիւնը- կամ աձնուէր ու հոգատար սէր մըն է, որ կը նայի աղքատներուն ու կը նախընտրէ տալ քան առնել եւ կամ ալ ոչ մէկ կապակցութիւն ունի քրիստոնէական սիրոյ հետ''։
Ֆրանչիսկոս Պապը այս խօսքերը արտասանեց մեկնաբանելով օրուան Սուրբ գրային ընթերցումը քաղուած Յովհաննէս առաքեալի թուղթէն, ուր ան կը մատնանշէ ''Եթէ սիրենք զիրար. Աստուած կը բնակի մէր մէջ ու անոր սէրը մեր մէջ կատարեալ կ՛ըլլայ''։ Հաւատքի այս փորձառութիւնը, դիտել կու տայ Քահանայապետը, այս ''կրկնակի բնակութեան մէջ է''. ''Մենք Աստուծոյ մէջ ու Աստուած մեր մէջ'' ահա այս է Քրիստոնէական կեանքը։
Պէտք չենք աշխարհի հոգիին, մակերեսութեան, կռապաշտութեան եւ ունայնութեան մէջ մնալ։Ո՛չ, Ո՛չ, հարկ է մնալ Տիրոջ մէջ։ Եւ այսպէսով է որ Ան կը մնայ մեր մէջ։
Այն որ կը սիրէ` կու տայ... Կու տայ ինչքեր, կու տայ կեանք, կու տայ ինքզինք` Աստուծոյ եւ ուրիշներուն։ Այն որ չի սիրեր, անձնասէր է, կը փնտռէ միշտ ինչքեր դիզել, եւ առանձնաշնորհումներ ունենալ։
Հարկ է բաց սրտով մնալ, եզրափակեց Քահանայապետը, Մնալ Աստուծոյ մէջ եւ Աստուած կը բնակի մէր մէջ։ Հարկ է մնալ սիրոյ մէջ – աւարտեց Ան։









All the contents on this site are copyrighted ©.