2014-01-09 12:43:51

Հալէպի Քաղտէացի առաջնորդին գնահատումով Ժընեւ Բ խորհրդաժողովը պէտք է յարգէ Սուրիոյ յատկանիշերը` ''Սուրիան Լիպիա չէ'' կ՛ըսէ Ան։


Քաղտիոյ Եկեղեցւոյ առաջնորդ` գերապայծառ Անթուան Օտօ կոչ ուղղած է Ժընեւ Բ կլոր սեղանի մասնակցողներուն, մատնանշելով որ Սուրիա Լիպիայի չի նմանիր։ Հարկաւոր է նկատի ունենալ Սուրիոյ յատկանիշերը – շեշտած է Օտօ առաջնորդը - ընդգծելով որ նախագահը կամ վարչաձեւը փոխելով Սուրիոյ հարցերը չեն հարթուիր ։
Յայտնենք որ 22 յունուարին Զուիցերիոյ Մոնդրը վայրին մէջ նախատեսուած է սուրիական կառավարութեան եւ անոր ընդդիմադիր պատուիրակութեան միջեւ ժողով մը, մասնակցութեամբ այլ
երեսուն երկիրներու պատուիրակներուն, որոնց շարքին ԱՄՆը եւ Ռուսիան։ Կլոր սեղանին նպատակն է լուծում գտնել Սուրիոյ ընդհարումին։
Գերապայծառ Օտօ իր երախտագիտութիւնը յայտնած է ֆրանչիսկոս Քահանայապետին թափած ջանքերուն, Սուրիոյ խաղաղութեան ի նպաստ։ Ան նաեւ յոյս յայտնած է որ Վատիկան կազմակերպելիք կլոր սեղանը, յառաջիկայ 13 յունուարին, օգտակար հանդիսանայ Ժընեւ Բ խորհրդաժողովի աշխատանքներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.