2014-01-09 11:48:52

Կարմիր Խաչը Ծրագիրներ Պիտի Իրականացնէ Հայաստանի Սահմանամերձ Գիւղերուն Մէջ


Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի պատուիրակութիւնը Հայաստանի Տաւուշի մարզի՝ Ատրպէյճանի հետ սահմանակից գիւղերուն մէջ շարք մը ծրագիրներ պիտի իրականացնէ։ «Նիուզ»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս մասին յայտարարած է Երեւանի մէջ Կարմիր խաչի կոմիտէի պատուիրակութեան ղեկավար Սարա Էպրեխթը:
Անոր համաձայն, գիւղերը ընտրուած են մեկնելով անոնց կարիքներէն, քանի որ սահմանին մօտ կը գտնուին, բնակիչներուն համար անհասանելի են ենթակառոյցները, հողերը. «2013ին հինգ գիւղերու մէջ մենք ըմպելի եւ ոռոգման ջուրի ապահովման ծրագիրներ իրականացուցինք, ցորենի սերմեր, պտղատու ծառերու տնկիներ բաժնեցինք»։
Միւս աշխատանքները, որոնք իրականացուած են հայկական, ինչպէս նաեւ ատրպէյճանական կողմը, կը վերաբերին քաղաքացիներուն դէմ կատարուած կամ անոնց մասնակցութեամբ տեղի ունեցող միջադէպերուն: «Միջադէպի պարագային մենք կ՛այցելենք շրջան, ատոր մասին առաւել մանրամասն տեղեկութիւններ կը հաւաքենք, ապա կը դիմենք իշխանութիւններու պատասխանատու ներկայացուցիչներուն ու գաղտնապահութեան ծիրին մէջ կը տրամադրենք տեղեկատուութիւն, թէ ի՞նչ է մեր դիրքորոշումը եւ ի՞նչ առաջարկներ կարելի է կատարել միջադէպին առնչուած՝ Մարդկային իրաւունքներու սկզբունքներու խախտման իմաստով», յայտնած է պատուիրակութեան ղեկավարը:








All the contents on this site are copyrighted ©.