2014-01-09 10:00:28

Եւրոպական միութիւնը մտահոգ է թուրքիոյ մէջ ոստիկանները աշխատանքէ հեռացնելու երեւոյթէն


«ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Եւրոպական յանձնաժողովի պաշտօնական ներկայացուցիչ Օլիվիա Պայի յայտնած է, որ Եւրոպական Միութիւնը մտահոգ է Թուրքիոյ մէջ ոստիկանները աշխատանքէ հեռացնելու երեւոյթէն եւ կը պահանջէ հետաքննել փտածութեան խախտումներու վերաբերեալ բոլոր դիմումները, ներառեալ` իշխանութիւններուն կողմէ:
«Մեծ թիւով ոստիկաններ աշխատանքէ հեռացնելը, որուն գագաթնակէտը դարձաւ Անգարայի մէջ 350 ոստիկան աշխատանքէ հեռացնելը, մեզ կը մտահոգէ: Մենք կը պահանջենք Թուրքիայէն, իբրեւ թեկնածու երկիր, Եւրոպական Միութեան անդամակցելու պահանջներու կատարման վերաբերեալ պարտաւորութիւն ստանձնել, ներառեալ` իրաւական պետութեան սկզբունքներուն հետեւիլը, եւ ամէն ինչ ընել, որպէսզի բոլոր դիմումները, ներառեալ` որոշ ղեկավարներու կատարած խախտումներուն վերաբերեալ, հետաքննուին առանց խտրականութեան եւ անկողմնակալ կերպով», ըսած է Պայի:







All the contents on this site are copyrighted ©.