2014-01-09 09:53:05

«Կը պահանջեմ, որ ժողովրդավարական իրաւունքներս ճանչցուին» յայտարարեց Արամ Արք. Աթեշեան։


«Մարմարա» կը հաղորդէ, որ երկուշաբթի, 6 յունուարին, Ս. Ծննդեան տօնը դարձեալ աւանդական շուքով նշուած է Պոլսոյ հայկական բոլոր եկեղեցիներուն մէջ, որոնք բերնէ բերան լեցուած են հաւատացեալ ժողովուրդով:
Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանը ընդունած է Թուրքիոյ այլ յարանուանութեանց ներկայացուցիչներուն շնորհաւորական այցելութիւնները: Այցելուներուն շարքին եղած են յոյներու Բարթողիմէոս պատրիարքի ներկայացուցիչը, ասորիներու առաջնորդ Եուսուֆ Չեթին, Հայ կաթողիկէ վիճակաւորի աջակից Խազումեան սրբազանը, Մխիթարեան միաբանութենէն հայր Յակոբոս Չոփուրեան եւ Սահակ եպս. Մաշալեան:
Արամ սրբազանը այս առիթով իր արտասանած խօսքին մէջ ըսած է. «Ես անհանգիստ եմ այն բանով, որ իննսուն տարիէ ի վեր հայ համայնքը երկրորդ կարգի քաղաքացիի վերաբերում տեսնելէն չէ փրկուած: Մեր կալուածները մեր ձեռքէն առնուած են: Պատրիարքարանի բարոյական անձնաւորութեան իրաւունքը ջնջուած է, եւ մէկ տարիէ ի վեր չկրցանք նոր ընտրութիւններ կատարելու արտօնութիւն ստանալ: Ինչո՞ւ: Որովհետեւ բարոյական անձնաւորութիւն չունինք (Թիւզել Քիշիլիք): Այս խնդիրին մէջ եթէ նոյնիսկ մեր մէջ ալ կան ինքնագլուխ գործող յամառներ ու ընդդիմախօսներ, ապա ես կառավարութեան կը հարցնեմ ահաւասիկ` ե՞րբ պիտի արտօնուի, որ ընտրութիւններ ընենք: Եթէ կրօնից տեսուչը մզկիթներու նկատմամբ պատասխանատու չէ, ես ալ կը լռեմ ու չեմ խօսիր: Մեր պատրիարքարանը գործադիր ուժ չունի, մինչդեռ պէ՛տք է ունենայ: Մեր դպրոցներու աշակերտներուն համար որեւէ օժանդակութիւն չի կատարուիր: Մեր բռնագրաւուած կալուածներուն միայն շատ փոքրիկ մէկ մասը մեզի վերադարձուեցաւ: Ատոր փոխարէն` հիմա ամէն մարդ ազատ է իր կրօնը փոխելու, ինչ որ բարելաւում մըն է: Բարելաւում է նաեւ մեր կալուածները շահագործելու իրաւունքի ճանաչումը: Ասոնց համար շնորհակալ ենք: Սակայն անպայմա՛ն պէտք է վերադարձուի պատրիարքարանի բարոյական անձնաւորութեան հանգամանքը: Ատենօք ունէինք Երեսփոխանական կամ Ազգային ժողով, ազգային որոշումները հո՛ն է, որ կը տրուէին, որեւէ թաղային խորհուրդ իր սեփական որոշումով կալուած ծախել կամ կարեւոր ծախսեր ընել չէր կրնար»:
Արամ սրբազան ապա իր խօսք ուղղած է հիւր քաղաքագէտներուն եւ խնդրած, որ անոնք ականջ տան հայ համայնքի ցաւերուն` ըսելով.«Մենք այս հողերուն հաւատարիմ հայրենակիցներն ենք: Երկրի մշակոյթին, արուեստին, երաժշտութեան, թատրոնին, ոսկերչութեան մէջ փոքրամասնութիւնը իր բաժինը ունի: Մենք Թուրքիոյ Հանրապետութեան հողերուն վրայ մեր բոլոր պարտականութիւնները կատարած ենք եւ պիտի շարունակենք կատարել: Ես Թուրքիոյ Հանրապետութեան քաղաքացին եմ ու կը պահանջեմ, որ իմ ժողովրդավարական իրաւունքներս ճանչցուին: Մեր ցաւերը չեն դարմանուիր հոս խօսելով: Կը խօսիմ, որպէսզի մեր մեծամեծները լսեն, որովհետեւ քու ցաւդ իմ ցաւս է, այլեւս այս երկրին մէջ մէկ թիւ, երկու թիւ, երեք թիւ ըլլալ չե՛մ ուզեր, չե՛մ ուզեր, որ մէկը անունս ցանկագրէ: Երկու տարիէ ի վեր կը զբաղիմ «Սանասարեան խան»-ը ետ առնելու խնդիրով: Ատիկա պատրիարքարանին կալուածն է: Դատավարութիւնը կը շարունակուի: Կը յուսամ, որ այս խնդիրը մեր միջեւ կը լուծենք, կը վերջացնենք ու չենք ստիպուիր խնդիրը դուրս ցոլացնելու»:








All the contents on this site are copyrighted ©.