2014-01-08 10:21:06

Ռուս Ուղղափառ եկեղեցին թոյլատրած է մկրտել փոխարինորդ մայրերու երեխաները


Gazeta.ru կայքէջը` յղում կատարելով Ռուս ուղղափառ եկեղեցւոյ կայքէջին, կը հաղորդէ, որ եկեղեցին թոյլատրած է մկրտել փոխարինորդ մայրերէն ծնած երեխաները չափահաս տարիքին կամ ծնողներու` իրենց մեղքը գիտակցելու պարագային:
Փոխարինորդ մօր միջոցով ծնած երեխան կրնայ կնքուիլ դաստիարակող մարդոց համաձայնութեամբ, եթէ անոնք կը գիտակցին, որ քրիստոնէական տեսանկիւնէ նման ճարտարագիտութեան օգտագործումը բարոյապէս անթոյլատրելի է:
Կը նշուի, որ երեխան կրնայ մկրտուիլ հասուն տարիքին, եթէ անոր ծնողները չեն գիտակցիր իրենց մեղքը:







All the contents on this site are copyrighted ©.