2014-01-08 10:18:56

Ռայի Պատրիարքը ընդունեց Աշրաֆ Ռիֆին


Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ ընդունեց ներքին ապահովութեան ուժերու նախկին ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Աշրաֆ Ռիֆին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Ռիֆի յայտնեց, որ Թրիփոլիի կացութիւնը փրկողը լիբանանցիներուն գիտակցութիւնն է եւ պետական հաստատութիւնները:
Ան շեշտեց, որ Թրիփոլիի մէջ ապահովական կայունութիւն հաստատելու համար 19 ապահովական ծրագիր մշակելու կարիք չկայ, այլ` ապահովական մէկ ծրագիր եւ քաղաքական յստակ որոշում:
Ռիֆի կոչ ուղղեց համախոհական հանրապետութեան նախագահ մը ընտրելու եւ ամէնէն արագ միջոցին նոր կառավարութիւն մը կազմելու:







All the contents on this site are copyrighted ©.