2014-01-08 14:44:25

Յունաստան կը ստանձնէ Եւրոպական Միութեան նախագահութիւնը


Չորեքշաբթի 08 յունուարին, բացումը կը կատարուի Եւրոպական Միութեան Յունաստանի նախագահութեան վեցամսեայ նստաշրջանին: Այս մասին կը հաղորդէ Յունաստանի “Ազատ օր” օրաթերթը:
Եւրոպական Միութեան նախագահ Հերման Վան Ռոմփայի, Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ժոզէ Մանուէլ Պարոզոյի եւ յանձնակատարներու քոլեճի ներկայութեան՝ տեղի կÿունենայ նստաշրջանի բացման արարողութիւնը Զափիոյի մէջ, կէսօրուայ ժամերուն:
Նախատեսուած է կէսօրուայ ճաշ եւ Յունաստանի կառավարութեան նախարարաց խորհուրդի ու եւրոպացի յանձնակատարներու համատեղ խորհրդաժողով, վարչապետ Անտոնիս Սամարասի ներկայութեան, որուն պիտի յաջորդէ մամլոյ ասուլիս:
Հելլէն ոստիկանութիւնը անվտանգութեան խիստ միջոցառումներու ձեռնարկած է Աթէնքի կեդրոնէն ներս, փակելով մեթրոյի որոշ կայարաններ եւ արգիլելով ցոյցերն ու հաւաքները:
Երեկոյեան նախատեսուած է պաշտօնական արարողութիւնը Աթէնքի համերգասրահէն ներս, հանրապետութեան նախագահ Գարոլոս Փափուլիասի ներկայութեան: Ողջոյնի խօսքերով հանդէս պիտի գան Ժոզէ Մանուէլ Պարոզօ եւ Հերման Վան Ռոմփայ:
Խօսելով Յունաստանի նախագահութեան նստաշրջանի մասին, ժոզէ Պարոզօ համոզում յայտնեց, թէ յաջողութեամբ պիտի ընթանայ վեցամսեակը, որ հնարաւորութիւն պիտի տայ Յունաստանին, աշխարհին ցոյց տալու թէ ոչ միայն ի վիճակի է երկիրը տագնապեցնող ճգնաժամը յաղթահարելու, այլ կրնայ նաեւ արժանաւորապէս նպաստել եւրոպական ծրագիրներու զարգացման:
Յունաստանի նախագահութեան ընթացքին Աթէնքի մէջ պիտի կազմակերպուին Եւրոպական Միութեան նախարարներու 14 հանդիպումներ, բարձր մակարդակի աշխատանքային խումբերու 57 հանդիպումներ եւ 33 համաժողով կամ սեմինարներ։







All the contents on this site are copyrighted ©.