2014-01-08 14:24:09

Ղարաբաղեան Ազատամարտի Ընթացքին Անհետ Կորսուածներուն Թիւը Կը Հասնի 4 Հազարի


Ղարաբաղեան ազատամարտի ընթացքին անհետ կորսուածներուն ցանկին մէջ կայ 4 հազարէ աւելի անուն: Այդ մասին յայտնած է Երեւանի մէջ Կարմիր խաչ միջազգային կազմակերպութեան պատուիրակութեան ղեկավար Սարա Էպրեխտը:
«Մենք աշխոյժ կերպով կ՛աշխատինք անհետ կորսուածներու ընտանիքներուն հետ: Այդ ուղղութեամբ գործադրուած ծրագիրներուն մէջ ներառուած են հոգեբանական–ընկերային օգնութիւնը, այսինքն հարցեր՝ կապուած իրաւական խնդիրներու, առողջութեան հետ, նաեւ ընկերային դժուարութիւններ: Մենք սերտօրէն կ՛աշխատինք Գերիներու, պատանդներու եւ անհետ կորսուածներու յանձնաժողովի, Հայկական Կարմիր Խաչի եւ տեղական հասարակական կազմակերպութիւններու հետ», դիտել տուած է պատուիրակութեան ղեկավարը:
Անոր համաձայն՝ ծրագիրին մէջ կարեւոր տեղ կը գրաւէ այն, թէ ի՛նչ եղած է անհետ կորսուածին: «Հայկական կարմիր խաչին հետ մենք կենսաբանական տուեալներու հիման վրայ նախագիծի ստեղծման պիտի սկսինք: Ասիկա պիտի ըլլայ աշխատանք՝ պարագաներուն հարազատներուն հետ: Զուգահեռաբար մենք տեղեկութիւններ պիտի հաւաքենք հակամարտութեան ընթացքին պայթուցիկ սարքերէն եւ հակահետեւակային ականներէն զոհուածներուն մասին», յայտնած է Սարա Էպրեխտը:








All the contents on this site are copyrighted ©.