2014-01-08 10:28:56

Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ


RealAudioMP3 Ո՞ւր կը հասցնէ ...մղձաւանջը կամ հոգեկան անրջային տառապանքը…»
Մղձաւանջը, կամ հոգեկան անրջային տառապանքը յաճախ մտրակելով անիրաւ զրկանքներու կ՛ենթարկեն իրենց նմանները:
Հին դարաշրջաններուն, յատկապէս կայսերական երկիրներու արքունիքներուն մէջ յաճախակի երեւոյթներ եղած են դաւաճանութիւն, թունաւորում, սպանութիւն եւ այլ վայրագութիւններ, նպատակ ունենալով տապալել տիրող իշխանութիւնը եւ տիրանալ գահին ու թագին:
Հայոց պատմութեան մէջ ալ կը հանդիպինք նման երեւոյթներու երբ արքայազն իշխաններ՝ հարազատ եղբայրներ, դաւադրաբար սպանութեան կը դիմեն, տիրանալու համար իրենց հօրենական գահուն:
Հռոմի պատմութեան մէջ կը կարդանք, թէ ինչպէս Կոստանդին կայսրը իր եղբայրը սպաննել տուաւ, սակայն իր այդ բարբարոսութիւնը մնայուն մղձաւանջի վերածուեցաւ իրենց համար: Գիշերները քուն չունէր կայսրը, կորսնցուցած ըլլալով իր ներքին խաղաղութիւնը: Կ՛ուզէր փախչիլ անցեալէն, սակայն ո՛չ ներկային մէջ հանգիստ կ՛ընէր եւ ո՛չ ալ երազած ապագային մէջ կը յաջողէր գտնել իր անդորրը: Հազիւ փորձէր աչքերը փակել քնանալու համար, խաւարին մէջէն եղբայրը կը մօտենար եւ սառած ձեռքերով, իր արիւնով լեցուն բաժակը կը մատուցէր իրեն, ըսելով._ Խմէ՛, եղբայր, խմէ՛:
Յատկապէս գիշերուան հանդարտութեան մէջ կրկնուող այս տեսարանէն ազատուելու համար, Կոստանդին կայսրը մինչեւ իսկ իր պալատը փոխեց, նոր պալատ ու ամրոց կառուցեց ու հոն փոխադրուեցաւ, կարծելով թէ հին բնակավայրէն հեռանալով պիտի փարատի զինք տառապեցնող մղձաւանջը: Սակայն, ի զո՜ւր: Ո՛ւր որ երթար, նոյն սահմռկեցուցիչ տեսարանը կը հալածէր զինք, եւ եղբօրը ձայնը կը լսէր, որ կ՝ըսէր. _ Խմէ՛, եղբայր, խմէ՛:
Եղբայրասպանութեան մասին աշխարհի ստեղծագործութենէն իսկ տեղեկութիւններ տրուած են մեզի, որովհետեւ արարչագործութեան մէջ ոտք դրած առաջին երկու եղբայրներուն՝ Աբէլի եւ Կայէնի դրուագը, Աբէլի սպանութեամբ կ՛աւարտի, իր իսկ եղբօր՝ Կայէնի ձեռամբ (Հմմտ Ծն 4.5-8):
Ամէնէն հետաքրքրական բաժինը այդ դրուագին, իր եղբայրը սպաննած ըլլալու Կայէնի ուրացումներուն հետեւող, Աստուծոյ հեղինակաւոր խօսքն է: Կայէնին ուղղուած՝ «Ո՞ւր է եղբայրդ» հարցումը Աստուծոյ կողմէ, ճշգրիտ պատասխան չըստանար որովհետեւ ոճրագործը կը ջանայ պահել իր կատարած մարդասպանութիւնը, ու կը պատասխանէ. «Միթէ ես իմ եղբօր պահապա՞նն եմ» (Ծն 4.9): Սակայն Աստուած կ՛ըսէ. «Եղբօրդ արեան կանչը հողին մէջէն ինծի կը բողոքէ» (Ծն 4.10):
Արդարութեան ձայնը խեղդելու անկարելիութեան մասին է ամբողջ դրուագը, զոր Աստուած սկիզբէն իսկ կ՛ուսուցանէ անհանդուրժող մարդկութեան, թէ՝ անկարելի է լոյսը թաքցնել, կամ արեգակին գոյութիւնը ժխտել: Նոյնպէս ալ արդարութիւնը մինչեւ իսկ հողին մէջ ներծծուած արեան ընդմէջէն կրնայ բողոքել Աստուծոյ, խնդրելով իր արդար դատաստանը կատարէ:
Մարդիկ ինչքան ալ փորձեն արդարութեան դէմ պայքարիլ, մղձաւանջը պիտի չթողու որ անիկա կորսուի հրապարակէն: Աշխարհի մարդկութիւնը եթէ ուզենք երկու խումբերու վերածել, ապա պէտք է զանոնք խմբաւորենք «արդարներ» եւ «անարդարներ» դասակարգումներուն ներքեւ: Սակայն այս դասակարգումը եւ անուանումը միայն արդարներ կրնան տալ: Անարդարներ չեն անդրադառնար, թէ աշխարհի վրայ արդարներ գոյութիւն ունին: Բայց արդարներ յստակ կը տեսնեն աշխարհի վրայ կատարուող անարդարութիւնները, ու կը բողոքեն ատոնց դէմ:
Աստուած Ի՛նք է արդարութեան հանդերձին դերձակը ու մարդը ի՛նք պէտք է յարմարի այդ հանդերձին, պէտք չէ՛ սպասել որ ամէն մարդ մեր արդար ըլլալը ճանչնայ ու յայտարարէ: Արդարներուն եւ իրաւազրկուածներուն միակ ապաւէնը Աստուած Ի՛նք է, որ Իր արդարութիւնը ի գործ կը դնէ, խիղճի դուռը բախելով: _ Խմէ՛, եղբայր, խմէ՛:
Խղճահարութեան ճամբով լսուող այս ձայնը, միա՛յն Աստուած կրնայ լսելի դարձնել իրաւազրկող մարդու ականջին:
Իւրաքանչիւր անձ ինքնադաստիարակութեան եւ իր զաւակներու դաստիարակութեան կերպեր որդեգրած կ՛ըլլայ, ու իր փորձառութեամբ կը հասնի որոշ ճշմարտութիւններու: Մեր զաւակները հեռու պահելու համար վայրագութիւններէ, կրնանք անոր մանուկ տարիքէն սորվեցնել որ չդիտեն վայրագ ժապաւէններ, այլ միշտ բարոյական բարի օրինակ հանդիսացող ժապաւէններ դիտեն .... յուսալով մաքուր խղճմտանք պարգեւել մեր ապագայ երիտասարդ զաւակներուն:
Քաղուած՝ Գրիգոր Ծ Վրդ. Չիֆթճեանի խորհրդածութենէն)








All the contents on this site are copyrighted ©.