2014-01-08 10:18:25

Թուրքիոյ մէջ աշխատանքէ ազատ կացուցուած է 350 ոստիկան


Թրքական «Հիւրրիյէթ Տէյլի Նիուզ» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ իշխանութիւնները 7 յունուարի գիշերը որդեգրած են որոշում մը, ըստ որուն, Անգարայի մէջ 350 ոստիկաններ աշխատանքէ ազատ կացուցուած են:
Աշխատանքէ արձակուած ոստիկանները կ՛աշխատէին ահաբեկչութեան, հետախուզական, կազմակերպուած յանցագործութիւններու, ելեւմտական յանցագործութիւններու, համացանցային յանցագործութիւններու եւ մաքսանենգութեան բաժանմունքներուն մէջ:
Ըստ «Տողան» լրատու գործակալութեան, աշխատանքէ ազատ կացուցուածներէն 80-ը Անգարայի շրջանին մէջ ելեւմտական եւ կազմակերպուած յանցագործութիւններու, ինչպէս նաեւ մաքսանենգութեան դէմ պայքարի բաժանմունքներու ղեկավարներ են:
Պաշտօնազրկուածները փոխարինելու համար այլ քաղաքներէ 250 ոստիկան տեղափոխուած է:







All the contents on this site are copyrighted ©.