2014-01-08 10:18:13

«Ժընեւ-2»-ին որդեգրուելիք որեւէ որոշում պէտք է Սուրիոյ մէջ հանրաքուէի դրուի» ըսաւ Զոհպի


Սուրիոյ տեղեկատուութեան նախարար Օմրան Զոհպի նշեց, որ սուրիական կառավարութեան` «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովին մասնակցութեան վերաբերեալ կեցուածքը յստակ է, եւ կառավարութիւնը լրջօրէն կը ձգտի, որ խորհրդաժողովը յաջողի: Ան նշեց, որ Սուրիա ահաբեկչութեան դէմ ճակատումի մէջ է:
Զոհպի ըսաւ, որ «Ժընեւ-2»-էն անջատ Սուրիոյ մէջ գոյութիւն ունի միջսուրիական երկխօսութիւն մը, որ դրական արդիւնքի պիտի հասնի:
«Ժընեւի մէջ տրուելիք որեւէ որոշում, որուն հանրաքուէի ընթացքին սուրիացի ժողովուրդը իր անհամաձայնութիւնը կը յայտնէ, անարժէք է», յայտնեց ան` յոյս յայտնելով, որ Իրան մասնակցի խորհրդաժողովին:
Զոհպի նկատել տուաւ, որ գաղտնի սպասարկութեան ճակատը, որ Ռուսիոյ, Իրաքի, Լիբանանի եւ Սուրիոյ մէջ կատարուած ականահարումներուն ետին կը կանգնի, մէկ է:
Ան յայտնեց, որ Թուրքիա պէտք է իր սահմանները կատարելապէս փակէ, արգելք հանդիսանայ զինեալներու ներթափանցման, արգիլէ անոնց զինումը:
«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներ եւ Ռուսիա 13 յունուարին պիտի քննարկեն Իրանի դերը յառաջիկային Սուրիոյ հարցով տեղի ունենալիք խորհրդաժողովին:
ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի ներկայացուցիչ Ֆարհան Հաք յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով 13 յունուարին հանդիպում պիտի ունենան, իսկ ինք այդ հանդիպումին յոյսեր կը կապէ:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի բանբերի տեղակալ Մարի Հարֆ յայտնեց, որ Իրան պէտք է «Ժընեւ-1»-ի յայտարարագիրը ընդունի, որպէսզի կարենայ «Ժընեւ-2»-ին մասնակցիլ: «ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն մեզ տեղեակ պահեց, որ «Ժընեւ-2»-ի մասնակից սուրիացիներուն եւ արտասահմանցիներուն հրաւէրներ կ՛ուղարկէ, իսկ հրաւիրեալներուն ցանկը անցեալ 20 դեկտեմբերին ճշդուածն է. ինչպէս օրին յայտնեցինք, խորհրդաժողովին Իրանի մասնակցութեան վերաբերեալ որոշում չորդեգրուեցաւ», ըսաւ Հարֆ:







All the contents on this site are copyrighted ©.