2014-01-07 09:44:14

Ֆրանսայի բնակչութեան թիւը մօտեցած է 65 միլիոնի շեմին


Ֆրանսայի Վիճակագրութեան եւ տնտեսական հետազօտութիւններու ազգային հիմնարկին տուեալներով` Ֆրանսայի բնակչութեան թիւը մօտեցած է 65 միլիոնի շեմին:
ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ ազգային հիմնարկին հաշուարկներով, հանրապետութեան բնակչութեան թիւը ներկայիս կը կազմէ 64.93 միլիոն մարդ:
2006-էն ի վեր Ֆրանսայի բնակչութիւնը աւելցած է 1.7 միլիոնով, ըստ որուն, բնակչութեան տարեկան աճը 350 հազար է:
Բնակչութեան թիւի աճը մեծ մասամբ արձանագրուած է արեւմտեան եւ հարաւարեւմտեան շրջաններու մեծ քաղաքներուն` Նանթի, Պորտոյի, Ռենի եւ Թուլուզի մէջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.