2014-01-07 10:37:58

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի այցը Հռոմի ''Սանդ Ալֆոնսօ Տէ Լիկուորի'' ժողովրդապետութեան։


Երկուշաբթի, 6 յունուար, յետմիջօրէին, Աստուածայայտնութեան տօնին առթիւ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը յատուկ այցելութիւն մը կատարեց Հռոմի ''Սանդ Ալֆոնսօ Տէ Լիկուորի'' ժողովրդապետութեան, ուր ժողովրդապետութեան 200 հաւատացեալներ ''կենդանի մսուր'' մը կազմակերպած էին։
Ժողովրդապետութիւն ժամանումին Նորին Սրբութիւնը Եկեղեցի մտաւ ու պահ մը աղօթքի մէջ ամփոփուեցաւ ապա դուրս ելլելով այցելեց ''կենդանի մսուրը'' մէկիկ մէկիկ ողջունելով զանազան անձնաւորութիւնները ներկայացնող ''դերասանները'', որոնց շարքին նաեւ Յիսուս Մանուկը ներկայացնող փոքրիկն Ֆրանչիսկոսը որ նոյն օրը առաւօտուն մկրտութեան խորհուրդը ստացած էր։
Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը ներկաներուն ըսաւ՝ ''Նոր Տարին կը սկսինք Յիսուսի հետ, Ան կը մնայ մեր հետ եւ կը յաղթահարէ չարը, աղօթենք, աղօթենք բոլորին համար, յատկապէս ծնանելիք մանուկներուն եւ իմաստուն ծերունիներուն։ Սուրբ Ծնունդը վերջ գտաւ սակայն Յիսուս մեր հետն է միշտ։ Ապրի Յիսուսը։ Ապրի Մարիամը։''








All the contents on this site are copyrighted ©.