2014-01-07 09:39:17

Ռուսիոյ մէջ Հայերէնը կը դառնայ հանրակրթական դասանիւթ


ԵՐԵՒԱՆ, «Ռադիօլուր».– Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի Հայաստան տուած այցելութիւնը իր անմիջական ազդեցութիւնը ունեցաւ նաեւ կրթութեան բնագաւառին վրայ:
Այս ծիրին մէջ երկու երկիրներու կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութիւններուն միջեւ ստորագրուեցաւ համագործակցութեան յուշագիր, որով կը նախատեսուի 2014-2015 թուականներուն ընդլայնել եւ զարգացնել համագործակցութիւնը միջնակարգի ընդհանուր կրթութեան ոլորտին մէջ:
Կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան արտաքին կապերու եւ սփիւռքի վարչութեան պետ Տիգրան Սահակեանը «Ռադիօլուր»ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին անդրադառնալով յուշագիրին՝ նշեց, որ ընդհանուր միջնակարգ կրթութեան ոլորտին մէջ համագործակցութիւնը նոր չէ սկսած։
Յուշագիրով նախատեսուած է, որ Ռուսիոյ հայաշատ քաղաքներու հանրակրթական դպրոցներուն մէջ հայագիտական նիւթերը եւս ըլլան ռուսական հանրակրթական դասանիւթերու կարգին։ Յուշագիրի կէտերէն մէկուն համաձայն, կողմերը պիտի նպաստեն Երեւանի մէջ Ռուսական վարժարանի բացման, ուր ուսումնական գործընթացը պիտի կազմակերպուի Ռուսիոյ եւ Հայաստանի՝ ընդհանուր եւ միջնակարգ կրթութեան պետական չափանիշներուն համապատասխան:
Տիգրան Սահակեանի համաձայն, այս հարցերը ներառուած են հայ-ռուսական միջկառավարական յանձնաժողովի արձանագրութեան մէջ՝ որպէս պարտադիր գործադրուելիք ծրագիրներ, եւ ան յոյս ունի, որ այդ ծրագիրները մօտիկ ապագային արդէն կեանքի կը կոչուին։








All the contents on this site are copyrighted ©.