2014-01-07 13:27:53

Աստուածայայտնութեան Մեռելոցի օրը, Զմմառու վանքի Մայր Տաճարին մէջ Սուրբ և Անմահ Պատարագ


Երեքշաբթի 7 Յունուար 2014-ի առաւօտեան ժամը 7:30-ին, Աստուածայայտնութեան Մեռելոցի օրը, Զմմառու վանքի Մայր Տաճարին մէջ Սուրբ և Անմահ Պատարագ մատուցանեց Գեր. Հ. Բարսեղ Վրդ. Պաղտասարեան, Զմմառու Պատրիաքական Միաբանութեան գահալաներուն՝ հայրապետներուն, միաբան հայրերուն հոգւոյն համար: Ս. Պատարագին իրենց մասնակցութիւնը բերին վարչական հայրեր, վանաբնակ վարդապետներ և Դպրեվանքի նորընծաներ: Յաւարտ Ս. Պատարագին հանդիսաւոր թափօրով հոգեւորական դասը ուղղուեցաւ Մայրավանքիս դամբարանը, ուր հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ Միաբանութեան ննջեցեալ հայրերու հոգիներուն համար:







All the contents on this site are copyrighted ©.