2014-01-06 10:01:59

Ֆրանչիսկոս Պապը Սուրբ Երկիր պիտի այցելէ յառաջիկայ 24-էն 26 մայիս 2014։


Կիրակի 5 յունուար 2014-ի արտասանած Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքի ընթացքին, Ֆրանչիսկոս Պապը, Սուրբ Պետրոսը համախմբուած տասնեակ հազարաւոր ուխտաւորներու ներկայութեամբ, յայտարարեց թէ յառաջիկայ 24էն 26 մայիս 2014, ''Աստուծոյ կամքով'', ուխտագնացութիւն պիտի կատարէ Սուրբ Երկիր՝ վերյիշելու նպատակով Պօղոս Զ Քահանայապետի եւ Աթենակորաս Պատրիարքի միջեւ՝ 50 տարիներ առաջ, 5 յունուար 1964-ին, տեղի ունեցած պատմական հանդիպումը։
Ուխտագնացութիւնը պիտի ունենայ երեք հանգրուան՝ Ամման, Բեթղեհէմ եւ Երուսաղէմ ,եւ որուն ընթացքին նախատեսուած է համամիութենական հանդիպում մը Երուսաղէմի բոլոր քրիստոնեայ համայնքներու ներկայացուցիչներուն հետ, որուն իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ նաեւ Կ.Պոլսոյ տիեզերական Պատրիարք՝ Բարթողոմէոս Ա։
Ֆրանչիսկոս Պապը այս առթիւ բոլոր ներկաներէն խնդրեց որ ''այժմէն աղօթեն այս ուխտագնացութեան դիտաւորութեան որ պիտի ըլլայ աղօթքի ուխտագնացութիւն''։








All the contents on this site are copyrighted ©.