2014-01-06 09:14:20

Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ներսէս Պետրոս ԺԹ Կաթողիկոս Պատրիարքին Սուրբ Ծննդեան Հայրապետական Պատգամը


Սուրբ Ծննդեան աստուածապարգեւ տօնին առիթով, ձեզի կը փոխանցենք ցնծութեան եւ յոյսի Հայրապետական պատգամը սիրեցեալ Առաջնորդներ, պատուարժան հովիւներ եւ կրօնաւորներ, սարկաւագներ, կուսաններ եւ ի սփիւռս աշխարհի գտնուող բարեպաշտ հաւատացեալներ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ։
Սուրբ Ղուկասի Աւետարանին մէջ կը կարդանք հրեշտակին խօսքը Բեթղեհէմի հովիւներուն.
«Ահա ձեզի կ'աւետեմ մեծ ուրախութիւն մը, որ բոլոր ժողովուրդինը պիտի ըլլայ։
Այսօր, Դաւիթի քաղաքին մէջ, ձեզի Փրկիչ մը ծնաւ, որ Օծեալ Տէրն է» (Ղկ 2, 10-11):
Սուրբ Աւետարանին վերոյիշեալ խօսքը մեզի ոչ միայն ուրախութիւն կը պատճառէ, այլ մանաւանդ մեզի կը ներշնչէ նոր յոյս մը, որ կը յաղթէ մեզ շրջապատող բոլոր դժուարութիւններուն եւ կը փարատէ մեր բոլոր մտահոգութիւնները:
Եթէ առօրեայ լուրերուն հետեւինք, կը տեսնենք անկայուն վիճակ մը եւ անապահով մթնոլորտ մը, որոնք մեզի անհանգստութիւն եւ անձկութիւն կը պատճառեն, եւ մօտ կամ հեռաւոր ապագայի վրայ լոյս կամ յոյս չեն սփռեր:
Մենք մեզի կը հարցնենք. Արդեօք մեր Հայր Աստուածը չի± տեսներ մեր ցաւերն ու նեղութիւնները, եւ միջոց չունի± արդեօք մեզի օգնութեան հասնելու:
Արդեօք մեր Հայր Աստուածը լուծում չունի±, արաբական երկիրներուն մէջ երեք տարիէ ի վեր շարունակուող հակամարտութիւններուն հետեւանքով ժողովուրդներու կրած տառապանքին:
Մեր Հայր Աստուածը կարողութիւն չունի± արդեօք կեցնելու գաղթականութեան հոսքը եւ ստեղծուած անարդար կացութիւնը, որուն զոհ կ'երթան հարիւր հազարաւոր անմեղ ընտանիքներ:
Արդեօք մեր Հօր Աստուծոյ ձեռքը չի± հասնիր վերջ տալու համար ցաւերուն քրիստոնեաներու, որոնք կը թալանուին, կը սպաննուին եւ երբեմն ալ կը նահատակուին՝ իրենց քրիստոնեայ հաւատքին հաւատարիմ մնալու համար:
Սիրելիներ, մեր Հայր Աստուածը ամէն բան կը տեսնէ եւ դարերու ընթացքին միշտ պատասխան տուած է նման տմարդի եւ անարդար դէպքերուն:
Նախ եւ առաջ, մեր Հայր Աստուածը մեզի աւետեց եւ յատուկէն այսօր կը շարունակէ մեզի աւետել ծնունդը Փրկչին ՝ Յիսուս Քրիստոսի, որ աշխարհ եկաւ մարդիկ Աստուծոյ զաւակ դարձնելու եւ իրարու հանդէպ սիրող եւ ներող եղբայրներ եւ քոյրեր վերադարձնելու համար: Յիրաւի, Սուրբ Պատարագին ընթացքին կ'երգենք. Քրիստոս ի մէջ մեր յայտնեցաւ, թշնամութիւնն հեռացաւ, սէրն ընդ հանուրս սփռեցաւ:
Յաճախ կը սպասենք որ մեր Հայր Աստուածը բռնութիւններուն դէմ նոյն բռնակալ միջոցները գործածէ, անօրէններուն դաս տայ եւ չարին վերջակէտ մը դնէ: Այս մտածելակերպը, սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, կը նշանակէ որ մենք Աստուծոյ ծրագիրները չենք հասկցած տակաւին: Կը նշանակէ որ Սուրբ Գիրքը չենք կարդար, ըմբռնելու համար Աստուծոյ իմաստուն ծրագիրները եւ անցեալին մէջ Անոր կատարած փրկարար գործերը:
Այս մտածելու ձեւը կը նշանակէ որ մենք տակաւին աշխարհիկ մտայնութեամբ կ'ապրինք, եւ ասոր համար կը գայթակղինք Աստուծոյ ընթացքէն, ինչպէս առաքեալները գայթակղեցան Յիսուսի չարչարանքներուն, խաչելութեան ու մահուան առջեւ:
Բայց առաքեալները, Յիսուսի յարութենէն ետք, հասկցան Աստուծոյ ծրագիրը, որ կ'ուզէ աշխարհը փրկել սիրով եւ ոչ ուժով: Անոնք պատրաստ եղան այս բարի լուրը աւետելու բոլոր մարդոց եւ իրենց կեանքն իսկ զոհելու Աստուծոյ սիրոյ ծրագիրը իրագործելու համար:
Եւ ահա այսօր երկնքին մէջ բիւրաւոր սուրբեր եւ Քրիստոսի վկաներ ունինք, որոնք Աստուծոյ փրկարար գործը հասկցան եւ չվարանեցան ամէն զոհողութիւն յանձն առնել՝ մարդոց աւետելու համար այս բարի լուրը, եւ դարձան իսկական առաքեալներ իրենց սերունդէն ու միջավայրէն ներս:
Ասոնք հասկցան Աստուծոյ սիրոյ ծրագիրը եւ զայն ապրեցան ու քարոզեցին:
Ասոնք ուրախ կեանք մ'ունեցան եւ հազարներ ուրախացուցին իրենց բարի օրինակովը:
Ասոնք յոյսով ապրեցան եւ իրենց շրջանակին մէջ բիւրաւոր մարդոց յոյս սփռեցին:
Ասոնք իմաստ տուին աշխարհի ելեւէջներուն եւ իրենց կեանքի վկայութեամբը համոզեցին շատերը, որ կարելի չէ չարով չարին յաղթել, այլ միայն՝ ներողամտութեամբ եւ սիրով: Այս է քրիստոնեայ սկզբունքը:
Այս նիւթին առընչութեամբ, Սուրբ Պօղոս յստակ կերպով կը բացատրէ հռոմէացիներուն այս վիճակը, երբ կ'ըսէ. «Եթէ թշնամիդ անօթի է, կերցո՛ւր անոր, եթէ ծարաւի է, խմցո՛ւր անոր. այսպէս ընելով՝ հրաբորբոք կայծեր կը կուտակես անոր գլխուն վրայ»: Այսինքն, քու այս ընթացքովդ, մեղաւորը՝ բարի գործերդ տեսնելով խղճի խայթ պիտի ունենայ, որ զինք պիտի մղէ դարձի գալու: Եւ Սուրբ Պօղոս կը շարունակէ իր խօսքը ըսելով. «Մի՛ յաղթահարուիր չարէն, այլ՝ բարիով յաղթէ չարին» (Հռ. 12, 20-21):
Այս իմաստով է որ, սիրելիներ, Յիսուսի Ծնունդը յոյսի տօն մըն է մեզի համար, որովհետեւ ան կը յաղթէ մեր յոռետեսութեան: Այսպէս կ'արտայայտուի Նորին Սրբութիւն Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը, երբ կ'ըսէ. Յիսուսի ծննդեան տօնը մեզի կը յիշեցնէ որ Աստուած մեզի հետ է եւ թէ Աստուած մեր վրայ իր վստահութիւնը դրած է: Աստուծոյ Որդին մարդացաւ որպէսզի միշտ բնակի մեր մէջ՝ թէ° մեր ուրախութիւններուն եւ թէ մեր ցաւերուն ատեն: Ուստի, աշխարհը արցունքներու հովիտ մը չէ այլեւս եւ բնաւ պիտի չըլլայ ասկէ վերջ, քանի Աստուծոյ Միածին Որդին բնակեցաւ անոր մէջ, եւ ուզեց մարդոց կեանքին բաժնեկից դառնալ: Արդարեւ, Յիսուս չծնաւ իտէալական աշխարհի մը մէջ, այլ՝ իրական աշխարհի մը մէջ ուր, լաւ կողմերուն առընթեր, կային նաեւ չարութիւններ, խեղճութիւններ եւ պատերազմներ: Յիսուս ապրեցաւ այս տեսակ աշխարհին մէջ՝ իր սահմաններով եւ իր ցաւերով:
Սիրելիներ, Յիսուս միշտ մեզի հետ է: Արդեօք կը հաւատա՞ք այս խօսքին: Յիսուս մեզի հետ է իր ծննդեան օրէն ի վեր, եւ միշտ մեզի հետ պիտի մնայ մեր պատմութեան ընթացքին, որպէսզի մեզ ազատէ մեր դժուարութիւններէն եւ մեր մեղքերէն: Այս է մեծ նուէրը որ Մանուկ Յիսուսը մեզի կը շնորհէ այսօր: Ան մեզի նոր թափ մը կու տայ, որպէսզի չընկճուինք մեր յուսալքումներուն եւ մեր տխրութիւններուն ծանրութեան տակ: Որովհետեւ, նոր թափը որ Յիսուս մեզի տուաւ, կը ջերմացնէ մեր սիրտը եւ զայն կը փոխէ: Ուստի, Յիսուսի Ծննդեան տօնը մեզի բարի լուր մը կը բերէ՝ որ մենք անձնապէս եւ մեծապէս Աստուծմէ սիրուած ենք: Աստուած չի պատմեր միայն իր սէրը մեզի, այլ՝ այդ սէրը մեզի հայրաբար կը փոխանցէ: Ասոր համար, ներկայ մեր ցաւերուն եւ նեղութիւններուն մէկտեղ, Ծննդեան տօնը մեզի կը շնորհէ յոյսի եւ ուրախութեան նշաններ: Յիսուսի Ծնունդը մեզմէ ամէն մէկուն սփոփանք, զօրակցութիւն եւ մխիթարութիւն կու տայ:
Յոյժ սիրելիներ, մեր վստահութիւնը դնենք Աստուածամօր բարեխօսութեան վրայ, Ան որ եղած է Յիսուսին մայրը եւ մեր երկնաւոր մայրը, որպէսզի այս Ծննդեան տօնին առիթով, Ան մեզի օգնէ կարենալ ճանչնալու համար մեր ընկերոջ դէմքին վրայ, մանաւանդ ամենատկարին մօտ, ճանչնալու Մարդացած Յիսուսին դէմքը. ամէն:
Յիսուս ծնաւ եւ յայտնեցաւ - Օրհնեալ է Յիսուսին Ծնունդը
+ Ներսէս Պետրոս ԺԹ.
Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ
Կաթողիկէ Հայոց







All the contents on this site are copyrighted ©.