2014-01-06 11:15:25

Եւրոմիութեան եւ Հայաստանի միջեւ վիզայի տրամադրումը դիւրացուած է


Յունուար 1-էն ուժի մէջ մտած է Եւրոպական միութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան միջեւ Վիզաներու տրամադրումը դիւրացնելու մասին համաձայնագիրը: Գերմանիոյ դեսպանութիւնը հրապարակած է իրենց դեսպանութիւն դիմողներու համար ամենակարեւոր փոփոխութիւնները:
Վիզայի վճարը 60 եւրոյէն նուազած է հասնելով 35 եւրոյի (վճարումը պէտք է կատարուի դեսպանութենէն ներս տուեալ պահուն գործող եւրոյի արժէքին համաձայն ՀՀ դրամով): -Անոր զուգընթաց դիմողներու հետեւեալ բնագաւառները լիովին կ’ազատին վիզայի վճարէն դպրոցականները, ուսանողները եւ ուղեկցող ուսուցիչները, որոնք կը ճամբորդեն ուսման կամ կրթական փոխանակման ծրագիրներու ծիրէն ներս -շենկենեան համաձայնագրի անդամ պետութիւններէն ներս օրինական կերպով բնակող ՀՀ քաղաքացիներու կամ Եւրոպական միութեան քաղաքացիներու մերձաւոր ազգականները (ամուսին, կին, երեխայ, ծնող, տատիկ, պապիկ, թոռնիկ) -թոշակառուները -12 տարեկանէն վարր տարիք ունեցող երեխաները -պաշտօնական պատուիրակութիւններու անդամները եւ գործնական նպատակներով ճամբորդող ՀՀ Սահմանադրական եւ Վճռաբեկ դատարաններու դատաւորները -լրագրողները եւ անոնց ուղեկցող անձնակազմը -միջազգային մարզական նախաձեռնութիւններու մասնակիցները եւ անոնց ուղեկցող անձնակազմը (մարզիչներ, բժիշկներ եւ այլն) -քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչները, որոնք կը ճամբորդեն արտերկրի մէջ գործող հայկական հանրային շահ հետապնդող ոչ առեւտրային կազմակերպութիւններու հրաւէրով -գիտութեան, կրթութեան, արուեստի եւ մշակոյթի բնագաւառներէն ներս փոխանակման ծրագիրներու մասնակիցները -հաշմանդամութեան կարգ ունեցող անձինք եւ անոնց ուղեկցողները -վիզայի դիմումի հետ յարկ է ներկայացնել վերը նշուած բնագաւառներուն պատկանելու վերաբերեալ համապատասխան փաստաթուղթեր:








All the contents on this site are copyrighted ©.