2014-01-06 10:33:59

05/01/2014 - Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի Կիրակնօրեայ Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը։


Կիրակի 5 յունուար 2014-ի կէսօրին արտասանած Մարեմեան աղօթքէն առաջ կատարած իր խորհրդածութեան ընթացքին, Ֆրանչիսկոս Պապը, խօսքը կեդրոնացուց օրուան սուրբ գրային ընթերցումին վրայ, քաղուած Յովհաննէս աւետարանիչէն ''Եւ Բանն Մարմին եղաւ եւ բնակեցաւ մեր մէջ''։
Այս բառերուն մէջ – ըսաւ Քահանայապետը – ներփակուած է համայն քրիստոնէութիւնը։ Աստուած մահկանացու դարձաւ, մեզի նման տկար՝ կիսեց մեր մարդկային կերպարանքը, բացի մեղքէն, սակայն մեր մեղքերը կրեց իր վրայ կարծես իրենինները ըլլային։ Մտաւ մեր պատմութեան մէջ ու դարձաւ մեր հետ Աստուած։ Յիսուսի Ծնունդը ցոյց կու տայ թէ Աստուած ուզեց միանալ ամէն մէկ մարդու ու կնոջ, մեզի հաղորդելու իր կեանքն ու իր ուրախութիւնը։

Այս պատգամը, յոյսի պատգամ մըն է, փրկութեան պատգամ մը, հին բայց միշտ ժամանակակից։ Եւ մենք կանչուած ենք այս պատգամը վկայելու ուրախութեամբ, կեանքի աւետարանի պատգամը, լոյսի, յոյսի ու սիրոյ աւետարանի պատգամը։ Որովհետեւ Յիսուսի պատգամը այս է՝ կեանք, լոյս, յոյս եւ սէր։

Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքէն ետք, Սրբազան Քահանայապետը, ողջունելով Սուրբ Պետրոսի հրապարակը գտնուող բոլոր հաւատացեալները, շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր անոնց որ Սուրբ Ծննդեան առթիւ իրեն բարեմաղթական նամակներ յղած էին։
''Չեմ կրնար բոլորիդ պատասխանել սակայն սրտանց շնորհակալ եմ ձեզի, մանուկներուն՝ իրենց գծագրութիւններուն համար. Երիտասարդներուն, ծերունիներուն, ընտանիքներուն, ժողովրդական եւ կրօնաւոր հասարակութիւններուն, ընկերակցութիւններուն եւ բոլոր անոնց որ ինծի մօտիկութիւն ու սէր յայտնեցին։
''Բոլորէն կը խնդրեմ որ շարունկեն աղօթել ինծի համար եւ Եկեղեցւոյ ի սպաս իմ այս ծառայութեանս համար։ Կարիք ունիմ ձեր աղօթքներուն – ըսաւ Քահանայապետը - ու ապա ողջոյնի խօսք մը ուղղեց ''Իտալացի Կաթողիկէ դասատուներու ընկերակցութեան, քաջալերելով զանոնք շարունակել իրենց դաստիարակչական կարեւոր գոծունէութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.