2014-01-04 10:30:59

Վատիկանի կիսապաշտօն օրաթերթի յօդուածներու շարքը ''իգական աստուածաբանութիւն'' նիւթին մասին։


Վատիկանի Օսսերվաթորէ Ռոմանօ օրաթերթը իր ամսական յաւելուածին մէջ ''Կիները, Եկեղեցին, Աշխարհ'' վերտարութեամբ, 2 յունուար թիւին մէջ, շարք մը միջամտութիւններ կատարուած են նուիրուած իգական աստուածաբանութեան։
Այս նախաձեռնութեամբ օրաթերթին խմբագրութիւնը կ'ընդառաջէ ֆրանչիսկոս Քահանայապետին բաղձանքին՝ խորացնել իգական աստուածաբանութիւնը, այնպէս ինչպէս անցեալ յուլիսին խնդրած էր Քահանայապետը։
Օրաթերթի յաւելուածին պատասխանատու` պատմաբան եւ լրագրող տիկին Լուչեթա Սքարաֆիա մտադիր է այդ շարքին վերաբերող կլոր սեղան մը կազմակերպել, որուն աւարտին Սրբազան Քահանայապետին ներկայացնել կլոր սեղանէն յառաջ եկած առաջարկները։








All the contents on this site are copyrighted ©.