2014-01-04 10:14:43

Պօղոս Զ Քահանայապետի Սուրբ Երկիր կատարած պատմական այցելութեան 50 ամեակը։


4 – 6 յունուար 1964, երջանկայիշատակ Պօղոս Զ քահանայապետը պատմական այցելութեամբ մեկնած էր Սուրբ Երկիր հանդիսանալով Ս. Պետրոս առաքելապետէն ետք, երկրորդ Քահանայապետը որ այցելած է Սուրբ Երկիրը։
Այս պատմական այցելութեան 50 ամեակի առթիւ, Պօղոս Զ անուան հաստատութիւնը, Պրէշայի թեմի համամիութեան գրասենեակի եւ Սուրբ Երկրի պահակութեան համագործակցութեամբ, յառաջիկայ 10 յունուարին, կազմակերպած է հանդիպում մը որուն կէտնպատակն է լուսարձակի տակ դնել երջանկայիշատակ Քահանայապետի՝ Յիսուսի երկիրին կատարած ճամբորդութեան համամիութենական իմաստը։
Հանդիպումին ելոյթ կ՛ունենան Պրէշայի եպիսկոպոս գերապայծառ Լուչիանօ Մոլինարի, Պօղոս Զ հաստատութեան նախագահ՝ հայր Անճելօ Մաֆֆէյս եւ Սուրբ Երկիրի Պահակ հայր Փիէրպադդիսդա Բիցցապալլա որ պիտի զեկուցէ ''Եկեղեցւոյ միութիւնը եւ Սուրբ Երկրի մէջ խաղաղութեան փնտռտուքը'' նիւթին շուրջ։
Յայտնենք որ Երուսաղէմ կատարած առաքելական ճամբորդութեան ընթացքին Պօղոս Զ քահանայապետը պատմական հանդիպում ունեցաւ Կ. Պոլսոյ տիեզերական Պատրիարք̀ Ադենակորասի եւ Արեւելեան քրիստոնեայ եկեղեցապետերուն հետ։ Այդ ճամբորդութիւնը Եկեղեցւոյ միութեան ուղեւորութեան շատ կարեւոր ու իւրայատուկ հանգրուան մը հանդիսացաւ։ Իր ընտրութենէն երեք ամիս ետք եւ Տիեզերական Ժողովի աշխատանքներու վերսկսելէն առաջ, 1963-ի սեպտեմբերին, երջանկայիշատակ Քահանայապետը բաղձանք յայտնած էր ճամբորդութիւնը կատարել Սուրբ Երկիր։ Պօղոս Զ այս ճամբորդութեան կէտնպատակն էր վերադառնալ Քրիստոնէութեան հաւատքի եւ եկեղեցւոյ կեանքի ակնաղբիւրին, Քրիստոսի նուիրել Եկեղեցին ու բաժնուած եղբայրները հրաւիրել մաս կազմելու մէկ ու միայնակ Եկեղեցւոյ ինչպէս նաեւ աղօթել խաղաղութեան համար։ Պօղոս Զ այլ ուրիշ առաքելական ճամբորդութիւններ կատարած է սակայն Սուրբ Երկիր կատարծ իր ճամբորդութիւնը եղած է իր Քահանայապետութիւնը յատկանշող ճամբորդութիւն։







All the contents on this site are copyrighted ©.