2014-01-04 10:29:03

Ութերորդ Կիրակի Յիսնակաց
Ճրագալոյց Աստուածայայտնութեան
Մատթ. 16, 13-19


RealAudioMP3 Այսօր ճրագալոյց է Աստուածայայտնութեան: «Յայտնել » կը նշանակէ` ծածկուած բան մը երեւան հանել: Աստուածայայտնութիւն կը նշանակէ թէ Աստուած որ աներեւոյթ է, ինքզինքը կը յայտնէ, լոյսի տակ կը դնէ:
Աստուած ինքզինք կը յայտնէ նախ իր արարծաներուն միջոցաւ, իր ստեղծագործութեամբ: Աստուած ինքզինք յայտնած է նաեւ հրեշտակներու: Սակայն Աստուծոյ ամենամեծ յայտնութիւնը` Յիսուսն է:
Յիսուս Փիլիպեան կեսարիոյ կողմերը հասնելով յստակօրէն կը հարցնէ աշակերտներուն. « Ո՞վ կը կարծեն մարդիկ թէ ըլլայ Մարդու Որդին»: Յիսուս իր ինքնութեան մասին է որ կը հարցնէ:
«Ոմանք պատասխանեցին. Յովհաննէս Մկրտիչ, ուրիշներ` Եղիան եւ Ուրիշներ Երեմեան կամ մարգարէներէն մէկը»:
Ուրեմն Ժողովուրդին մտքին մէջ, Յիսուս արտասովոր անձ մըն էր իր վարդապետութեամբ. «կը սորվեցնէր իշխանութիւն ունեցողի պէս եւ ոչ թէ դպիրներուն նման»: Ան Բնութեան Տէրն է. « Ո՞վ է ասիկա, որուն հովն ու ծովը կը հնազանդին իրեն»: Ահա ասոնք են պարզ ժողովուրդին կարծիքները:
«Իսկ դուք, ո՞վ կը կարծէք որ ըլլամ» հարցուց իր աշակերտներուն: Սիմոն պատասխանեց. « Դուն ես Քրիստոսը կենդանի Աստուծոյ Որդին»: Ի՛նչ խոր պատասխան: Յիսուս խօսք առնելով ըսաւ. « Երանի քեզի Սիմոն, որդի Յովնանի, որովհետեւ մարմինն ու արիւնը, այսինքն քու տկար եւ սահմանափակ էութիւնդ իբրեւ մարդ, չտուին քեզի այդ յայտնութիւնը, այլ Հայրս որ Երկինքն է»: Այլ իմաստով, Սիմոն արժանացաւ Հօր կողմէ մասնաւոր յայտնութեան, որով ճանչցաւ Յիսուսի մէջ Աստուծոյ Որդին. ասոր համար ալ Յիսուս զինք երանելի նկատեց եւ աւելցուց. « եւ ես կ՛ըսեմ քեզի. -դուն ես վէմը»: Յիսուս նոր անուն մը կը կերտէ եւ կու տայ Սիմոնին` Վէմ. յունարէն Պետրոս: Յիսուս Պետրոսին կը յանձնէ եկեղեցական մեծ պատասխանատուութիւն մը: Ան եկեղեցւոյ մէջ պիտի ըլլայ խորհրդանիշը ամրութեան ու հաստատակամութեան: Ան պիտի դառնայ Եկեղեցւոյ վահանը դժոխքի բոլոր զօրութիւններուն դէմ: Ան պիտի ունենայ բանալիները ճշմարիտ երջանկութեան, զոր աշխարհը չի կրնայ տալ ժողովուրդին:
Յիսուս կու տայ Պետրոսին եւ իրմէ ետք իր յաջորդներուն` սրբազան քահանայապետներուն կապելու եւ արձակելու իշխանութիւնը . « Պիտի տամ քեզի Երկնքի Արքայութեան բանալիները. ինչ որ կապես երկրի վրայ` կապուած պիտի ըլլայ երկնքի մէջ եւ ինչ որ քակես երկրի վրայ քակուած պիտի ըլլայ երկնքի մէջ»: Մէկ խօսքով, Պետրոս եւ իր յաջորդները իշխանութիւն ունեցան բանալու կամ փակելու անցքը եւ մուտքը Երկնքի արքայութեան, ուղղելով հաւատացեալներու հասարակութիւնը եւ որոշումներ տալով Եկեղեցւոյ հայող բարոյական, ընկերային կամ աստուածաբանական հարցերուն շուրջ: Ուրեմն բացարձակ է այս իշխանութիւնը, որուն սահմանը միայն Աստուած է եւ եկեղցւոյ նպատակը, իշխանութիւն ուսուցանելու ճշմարտութիւնը, հաստատելու կամ ջնջելու եկեղեցական օրէնքներ, դատելու, պատժելու կամ շնորհելու, արձակելու մեղքերն ու մեղաց պատիժները, մէկ խօսքով` իշխանութիւն կառավարելու բովանդակ Եկեղեցին աստուածապարգեւ ճոխութեամբ:







All the contents on this site are copyrighted ©.