13 Երբ Յիսուս կ'երթար
Փիլիպպոսի Կեսարիային երկրամասը` հարցուց իր աշակերտներուն. “Մարդիկ ի՞նչ կ'ըսեն, ո՞վ
եմ ես` մարդու Որդին”: 14 Անոնք ըսին. “Ոմանք [կ'ըսեն թէ] Յովհաննէս Մկրտիչն ես, ուրիշներ`
Եղիան, ուրիշներ ալ` Երեմիան կամ մարգարէներէն մէկը”: 15 Ըսաւ անոնց. “Իսկ դո՛ւք ի՞նչ
կ'ըսէք, ո՞վ եմ”: 16 Սիմոն Պետրոս պատասխանեց. “Դուն Քրիստո՛սն ես, ապրող Աստուծոյ
Որդին”: 17 Յիսուս ըսաւ անոր. “Երանի՜ քեզի, Սիմո՛ն, Յովնանի՛ որդի. որովհետեւ ո՛չ
թէ մարմինն ու արիւնը յայտնեցին քեզի [ասիկա], հապա իմ Հայրս` որ երկինքն է: 18 Ես
ալ կը յայտարարեմ քեզի. “Դուն *Պետրոս ես, եւ այս վէմին վրայ պիտի կառուցանեմ իմ եկեղեցիս,
ու **դժոխքին դռները պիտի չյաղթեն անոր: 19 Երկինքի թագաւորութեան բանալիները պիտի
տամ քեզի, եւ ի՛նչ որ երկրի վրայ կապես` երկինքի մէջ կապուած պիտի ըլլայ, ու ի՛նչ որ
երկրի վրայ արձակես` երկինքի մէջ արձակուած պիտի ըլլայ”“: