2014-01-03 10:55:06

Ռուսական ապահովական մարմինները Վոլկոկրատի մէջ 700 անձ ձերբակալած են


Ռուսական ապահովական աղբիւր մը «Ռաշա Թուտէյ» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց, որ ռուսական ապահովական մարմինները Վոլկոկրատ քաղաքին մէջ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի յատուկ գործողութեան մը ծիրին մէջ աւելի քան 700 անձ ձերբակալած են:
Ռուսական ոստիկանութիւնը շուներու օժանդակութեամբ խուզարկած է աւելի քան վեց հազար վայր, ներառեալ` բնակարաններ, փոխադրակառքերու եւ երկաթուղիներու կայաններ` նշելով, որ ոստիկանութիւնը 12 փնտռուած անձեր ձերբակալած է, ինչպէս նաեւ ոճրային արարքներով 70 կասկածեալներ:
Ոստիկանութիւնը նաեւ 85 զէնքեր գրաւած է եւ յայտնաբերած է բազմաթիւ ապօրինի գաղթականներ, որոնք երկրէն պիտի վտարուին:







All the contents on this site are copyrighted ©.