2014-01-03 10:16:51

Ուժգին պայթում մը ցնցած է Պէյրութի Հարաւային արուարձանները


Հինգշաբթի, 02 յունուար յետմիջօրէին Հարաւային արուարձաններու Հարեթ Հըրէյք շրջանը թիրախ դարձաւ ուժգին պայթումի մը, որ պատճառեց չորս զոհ եւ 74 վիրաւոր, ինչպէս նաեւ նիւթական հսկայական վնասներ:
Վիրաւորներն ու զոհերը փոխադրուեցան «Պահման» եւ «Ռասուլ Աազամ» հիւանդանոցները:
Պայթումը պատահեցաւ «Ժաուատ» ճաշարանին եւ «Քազմա» շէնքին կից: «Քազմա» շէնքը 2006-ի յուլիսեան պատերազմէն ետք վերանորոգուած առաջին շէնքն է:
Լիբանանեան բանակին հրամանատարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան համաձայն, սկզբնական հետաքննութեան իբրեւ արդիւնք ի յայտ եկած է, որ պայթած ինքնաշարժը կը կրէր 20 քիլոկրամ պայթուցիկ նիւթ:
Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ նաեւ, թէ պայթումի ենթարկուած ինքնաշարժը մութ կանաչ «Կրանտ Շերոքքի» տիպի է, 1993-ի արտադրութիւն եւ կը կրէ 341580/Ժ թիւը:
Պայթումին առաջին վայրկեաններէն իսկ Հըզպալլայի մօտիկ աղբիւրներ հերքեցին պատասխանատու անձնաւորութիւն մը թիրախ դարձնելու հաւանականութիւնը` հաստատելով, որ ահաբեկչութիւնը հարուածած է քաղաքայիններով բնակուած խաղաղ շրջան մը:
Դէպքին վայրը փութացին բանակն ու ներքին ապահովութեան ուժերը, որոնք շրջափակեցին շրջանը եւ քաղաքացիներէն պահանջեցին ուղղուիլ իրենց բնակարանները:
Ապահովութեան ուժերը դէպքին շուրջ բացին հետաքննութիւն, որուն շրջագիծին մէջ Զինուորական ատեանին մօտ կառավարութեան ներկայացուցիչ, դատախազ Սաքըր Սաքըր իր ցուցմունքները տուաւ Ոստիկանութեան փաստահաւաք բաժանմունքի անդամներուն ուղղուելու դէպքին վայրը եւ կատարելու իրենց աշխատանքը` բացայայտելու համար պայթումին մանրամասնութիւնները:
Դէպքին վայրը ժամանեց նաեւ առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Ալի Հասան Խալիլ, որ շեշտեց, թէ Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը թիրախ դարձնող այս հարուածները ուժգին են` աւելցնելով, որ նման լուրջ իրականութիւններու դիմաց կարելի չէ անհիմն ամբաստանութիւններ կատարել եւ գործուած ահաբեկչական այս արարքին պատասխանատուութիւնը այս կամ այն կողմին վստահիլ։







All the contents on this site are copyrighted ©.