2014-01-03 13:40:24

Յիսուսեաններու ''Չիվիլթա Քաթթոլիքա'' պարբերաթերթի յատուկ թիւը՝ ''Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի եւ Միաբանութիւններու մեծաւորներու միութեան հետ հանդիպումի ընթացքին ունեցած զրոյցի մասին''։


''Հարկ է մշակել սրտերը ապա թէ ոչ փոքրիկ հրեշներ կը կազմենք – Աշխարհը զարթօնքի պէտք ունի''՝ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին կոչը։

Անցեալ 29 նոյեմբեր 2013-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Վատիկանի մէջ հանդիպում ունեցած էր Միաբանութիւններու 120 ընդհանուր մեծաւորներու միութեան անդամներուն հետ։
Այս առթիւ Ան երկարաշունչ զրոյց մը ունեցած էր անոնց հետ ու խօսած Եկեղեցւոյ կեանքի հայող զանազան նիւթերու շուրջ։
Ուրբաթ, 3 յունուար 2014-ի յետմիջօրէին լոյս տեսնող, Յիսուսեաններու Միաբանութեան պատկանող ''Չիվիլթա Քաթթոլիքա'' պարբերաթերթի բացառիկ թիւին մէջ, պարբերաթերթի տնօրէն՝ Հայր Անթոնիօ Սբատարոն, 15 էջերու մէջ ամփոփած է Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի սրտափուխ զրոյցը, որուն ընթացքին Քահանայապետը ի մէջ այլոց անդրադարձած է հետեւեալ նիւթերու շուրջ՝ ''կեանքի բարդութիւնը որ շնորհքէ ու մեղքէ բաղկացած է. Մեր աշխարհին մէջ մարգարէներ ըլլալ. Եղբայրութիւնը։ Կեղծաւորութիւնն ու ծայրայեղութիւնը։ Պենետիկտոս ԺԶ վսատակաւոր Քահանայապետի որոշումները հայող մանկամոլութեան հարցին. Խարիզմի կարեւորութիւնը. Հրատարապ մարտահրաւէրները. Կրօնաւորներու եւ եպիսկոպոսներու միջեւ յարաբերութիւնը. Քնքշութեան անհրաժեշտութիւնը եւ ցնցիչ ուժի յարկաւորութիւնը որ կարող ըլլայ քարացած մեր այս աշխարհը արթնցնել։








All the contents on this site are copyrighted ©.