2014-01-02 11:51:05

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի 2014-ի առաջին Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը։


Մէկ յունուար 2014-ին, խաղաղութեան 47-րդ համաշխարհային օրուայ առթիւ, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը, ս. Պետրոս տաճարին մէջ, գլխաւորեց հանդիսաւոր սուրբ պատարագի արարողութիւնը որուն աւարտին արտասանեց 2014-ի առաջին Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը։
Աղօթքէն առաջ Սրբազան Քահանայապետը բոլորին մաղթեց խաղաղութեան ու ամենայն բարիքի մաղթանքներ, յայտնելով որ այս մաղթանքները ՛՛Եկեղեցւոյ ու քրիստոնէական մաղթանքներ են՝՝ հիմնուaծ` Յիսուս Քրիստոսի, Աստուծոյ արդարութեան, խաղաղոութեան ու սիրոյ ազատութեան թագաւորութեան եւ Սուրբ Հոգիի շարժիչ ուժին վրայ։

Ակնարկելով ապա խաղաղութեան համաշխարհային 47-րդ օրուայ բնաբանին ՛՛եղբայրութիւնը` խաղաղութեան հիմք ու ճանապարհ՛՛ Նորին Սրբութիւնը հաստատեց թէ ամէն մարդիկը անդամ են մարդկային մէկ ընտանիքի եւ կը կիսեն միեւնոյն ճակատագիրը։ Ան ապա ընդգծեց թէ ամէն մէկը պարտի իր պատասխանատուութիւնը ստանձնել որպէսզի աշխարհը դառնայ իրար զիրար յարգող եղբայրներու հասարակութիւն մը որ զիրար կ՛ընդունին ու իրարու հոգ կը տանին հակառակ իրենց տարբերութիւններուն։ Սրբազան Քահանայապետը այս առընչութեամբ ակնարկեց բոլորին յանձնառումի անհրաժեշտութեան աւելի արդար ու զօրակից ընկերութեան մը կերտումին համար։

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը մէջբերեց իրեն ուղղուած մէկ նամակի մը պարունակութիւնը հաստատելով թէ ''ժամանակն է կասեցնելու բռնութեան ձայնը ու փնտռելու խաղաղութիւնը''։ Այսօր` – ըսաւ Քահանայապետը - աշխարհի ամէն մէկ անկիւնէն հաւատացեալները աղօթքներ կը բարձրացնեն, Տիրոջմէ խնդրելու համար խաղաղութեան շնորհքը։ Տարուայ այս առաջին օրուան առթիւ Տէրը թող մեզ օգնէ աւելի վճռակամութեամբ ընթանալու արդարութեան ու խաղաղութեան ճանապարհով, սկսեալ մեր ընտանեկան օճախներէն։ Արդարութիւն ու խաղաղութիւն մեր տուներուն մէջ – յարեց Սրբազան Քահանայապետը– մատնանշելով թէ ''խաղաղութիւնը կը պահանջէ հեզութեան զօրութիւնը եւ սիրոյ ու ճշմարտութեան խաղաղարար ոյժը''։
Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը հուսկ Սուրբ Կոյս Մարիամին յանձնեց ''պատերազմի եւ բռնութեան ճնշումի տակ ապրած ազգերու խաղաղութեան ճիչը, որպէսզի երկխօսութեան եւ հաշտութեան քաջութիւնը յաղթահարեն վրէժխնդրութիւնը, ամբարտավանութիւնն ու կաշարակեռութիւնը։

Անորմէ կը հայցենք եղբայրութեան Աւետարանը, հռչակուած եւ վկայուած Եկեղեցւոյ կողմէ որպէսզի կարենայ խօսիլ ամէն մէկ ''խղճի'' եւ գերազանցէ պատնէշները որ արգելք կը հանդիսանան թշնամիներուն իրար զիրար ճանչնալու որպէս եղբայներ'' ըսաւ Քահանայապետը ու ապա արտասանեց Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը որմէ ետք ողջունեց Սուրբ Պետրոսի հրապարակը համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորները, բոլորին մաղթելով դարձեալ ''Տիրոջ շնորհքով խաղաղ տարի մը'' ու հրաւիրելով ներկաները միասնաբար ողջունել Աստուածամայրը կրկնելով ''Մայր Աստուծոյ Սրբուհի''։







All the contents on this site are copyrighted ©.