18 յունուարէն 6 փետրուար
"l’Œuvre d’Orient" կոչուած քրիստոնեայ մարդասիրական ընկերակցութիւնը Փարիզի մէջ կը
ցուցադրէ Միջին Արեւլքի քրիստոնեայ նահապետական ողջ ժառանգութիւնը։ Կազմակերպիչներու
նպատակն է նոր սերունդին մօտէն ճանչցնել Միջին Արեւլքի քրիստոնեայ դարաւոր ժառանգութիւնը,
որ սկիզբ առաւ քրիստոնէութեան արշալոյսին եւ ներկայիս վտանգի մէջ է Միջին Արեւելքի զինեալ
ընդհարումներու ու մահմետական ծայրայեղներու պատճառաւ։ Յայտնենք որ Փարիզի քրիստոնեայ
մարդասիրական ընկերակցութիւնը 150 տարիէ կը գործէ Միջին Արեւլքի քրիստոնեաներու բարիքին
եւ անոր ժառանգութեան ճանաչումին ու պահպանումին ի նպաստ։ Ցուցահանդէսը այցելողը առիթ
պիտի ունենայ մօտէն ճանչնալու Միջին Արեւելքի քրիստոնեայ ժառանգութեան պատմական, մշակութային
ու հոգեւոր հարստութիւնները։ Ուխտաւորները հրաւիրուած են նաեւ այցելելու մայրաքաղաքի
կաթողիկէ արեւելեան ինը եկեղեցիներ։