2014-01-01 14:03:07

խաղաղութեան համաշխարհային 47-րդ օրն է։


Մէկ Յունուար 2014-ը, խաղաղութեան համաշխարհային 47-րդ օրն է։ Անցեալ 12 դեկտեմբերին, մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ներկայացուեցաւ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի այս առթիւ հրատարակած պատգամը, որուն բանաբանն է ''Եղբայրութիւնը խաղաղութեան հիմք ու ճանապարհ''։

Իր պագտամին մէջ Սրբազան Հայրը կը հաստատէ թէ ''եղբայրութիւնը մարդու էական չափանիշն է'', առանց եղբայրութեան անկարելի է արդար ընկերութիւն մը կառուցել եւ մնայուն ու տոկուն խաղաղութիւն մը կերտել

Սրբազն Հայրը կոչ կ՛ուղղէ բոլոր անոնց որ բռնութիւն ու մահ կը սերմանեն, զիջելու <<զէնքի>> ճանապարհէն ու յառաջ ընթանալու երկխօսութեան, ներումի եւ հաշտութեան ճանապարհով, կերտելու համար` արդարութիւն, վստահութիւն եւ յոյս։ Քահանայապետը ապա կ՛աւելցնէ <<այսօր ձեր թշնամին նկատած անհատին մէջ, վերագտէք եղբայր մը, ու կը մաղթէ <<սրտերու ապաշխարութիւն>>, մատնանշելով նաեւ Քիմէական զէնքերու ոչնչացման, որոնք միշտ խաղաղութեան ապառնալիք մը կրնան հանդիսանալ։
Իր երկարաշունչ պատգամին մէջ, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը կ՛անդրադառնայ այլազան նիւթերու շուրջ, որոնց շարքին` ''Եղբայրութիւնը որպէս աղքատութիւնը յաղթահարելու նախապայման''. ''Տնտեսութեան մէջ եղբայրութեան վերարծարծումը''. ''Եղբայրութիւնը որ պատերազմները կը դադրեցնէ''. ''Կազմակերպուած կաշառակերութիւնն ու ոճրագործութիւնը կը հակասեն եղբայրութեան'', եւ ''Եղբայրութիւնը կ՛օգնէ պահպանելու եւ զարգացնելու համար բնութիւնը''։
Ութը դեկտեմբեր թուակիր այս պատգամը, Քահանայապետէն ստորագրուած Անարատ Յղութան տօնին օրը, կ՛եզրափակուի Աստուածամօր ուղղուած մէկ աղերսով, որպէսզի Ան օգնէ մեզի հասկնալու եւ ամէն օր ապրելու համար եղբայրութիւնը որ կը բխի իր Որդւոյն սրտէն, որպէսզի մեր այս սիրուած երկրին ու ամէն մէկ անհատին շնորհուի խաղաղութեան պարգեւը։

Իսկ Սուրբ Ծննդեան օրը, իր Հռոմ քաղաքի ու համայն աշխարհի ուղղած <> պատգաին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապը հայցեց խաղաղութեան պարգեւը համայն աշխարհին։ Մեկնելով Ղուկաս աւետարնիչէն քաղուած (Ղուկաս, 2,14) ''Փառք ի բարձունս Աստուծոյ, եւ յերկիր խաղաղութիւն, ի մարդիկ հաճութիւն'' նախադասութենէն, Նորին Սրբութիւնը հրաւիրեց բոլոր մարդիկը միանալու հրեշտակներու այդ օրհներգին, յիշեցնելով թէ Սուրբ Ծնունդը հրաւէր մըն է փառաբանելու զԱստուած, որովհետեւ Ան բարի է , հաւատարիմ ու ողորմած ու աւելցնելով թէ <<Իսկական խաղաղութիւնը իրարու հակառակ ուժերու միջեւ հաւասարակշռութիւն մը չէ>> այլ <<ամենօրեայ յանձնառում>>։
Քահանայապետը ապա մտաբերեց բոլոր մանուկները որ զոհ են պատերազմներուն, տարեցները, հիւանդները, չարաշահուած կիները....ու ակնարկեց Սուրիոյ պատերազմին որ ''ատելութիւն եւ վրէժխնդրութիւն յառաջացուցած է''։

Նորին Սրբութիւնը հրաւիրեց հաւատացեալները շարունակել աղօթել Տիրոջ ու յանձնարարեց` չի կորսնցնել ուժը ըսելու. ''Տէր, տու՛ր Սուրիոյ եւ համայն աշխարհի խաղաղութիւն''։Դուն` կեանքի Տէրը, պահպանէ անոնք որ քու անունիդ համար կը հալածուին։ Յոյս ներշնչէ գաղթականներուն ու փախստականներուն։ Ըրէ որ անոնք գտնեն հիւրընկալութիւն եւ օգնութիւն եւ այս տարուայ ընթացքին պատահած ողբերգութիւնները չկրկնուին այլեւս։
Ֆրանչիսկոս Պապը պտգամը եզրափակեց ըսելով` <<Սիրելի եղբայրներ ու քոյրեր, այս աշխարհի մէջ, այս մարդկութեան մէջ, այսօր ծնաւ մեր Փրկիչը` Քրիստոս, մեր Տէրը։ Պահ մը կանգ առնենք Բեթղեհէմի Մանուկին առջեւ։ Թոյլ տանք որ մեր սիրտը յուզուի եւ Աստուծոյ քնքշութեամբ տոչորուի։ Աստուած մեծ է սիրոյ մէջ։ Աստուած խաղաղութիւն է։ Խնդրենք Աստուծմէ որ մեզ օգնէ, որպէսզի ամէն օր, մեր կեանքին մէջ, մեր ընտանիքներուն մէջ, մեր քաղաքին ու մեր երկրին մէջ ու համայն աշխարհի մէջ, կերտենք խաղաղութիւն։







All the contents on this site are copyrighted ©.