2013-12-31 09:42:15

ֆրանչիսկոս Քահանայապետը մեծ ժողովրդականութիւն կը վայելէ ԱՄՆի կաթողիկէներու մօտ։


Ամերիկեան CNN հեռուստակայանի կատարած հարցաքննութեան արդիւնքներէն ի յայտ կու գայ որ Երկրի կաթողիկէ հաւատացեալներու 88 առ հարիւրը դրական կարծիք ունի ֆրանչիսկոս Քահանայապետի առաքելական գործունէութեան մասին։
Յայտնենք որ "New Yorker" օրաթերթը եւ "Time" շաբաթաթերթը ընտրած են ֆրանչիսկոս Քահանայապետը որպէս ''2013 տարւոյն անձնաւորութիւնը''։Յայտնենք նաեւ թէ միջազգային մամուլը Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր քահանայապետի հրաժարականը եւ Ֆրանչիսկոս Պապի ընտրութիւնը ընդգծած է որպէս 2013-ի յատկանշական դէպքերէն կարեւորագոյնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.