2013-12-31 09:26:27

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը կը գլխաւորէ երեկոյեան ժամասացութեան արարողութիւնն ու գոհաբանական աղօթքը։


Երեքշաբթի 31 դեկտեմբեր, յետմիջօրէի ժամը 17-ին, ս. Պետրոս տաճարին մէջ, Ֆրանչիսկոս Պապը կը գլխաւորէ երեկոյեան ժամասացութիւնը, որուն կը յաջորդէ Սուրբ Հաղորդութեան երկրպագութիւնը ու ապա <<Փառք ի բարձունս Աստուծոյ>> գոհաբանական աղօթքը, հուսկ` Սուրբ Հաղորդութեան օրհնութիւնը։
Աւանդութեան համաձայն այս ծիսակատարութեան աւարտին Քահանայապետը ս. Պետրոսի հրապարակը կ'ուղղուի այցելելու հոն զետեղուած Մսուրը, որուն պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ անցեալ 24 դեկտեմբերին։

Իսկ մէկ Յունուար 2014-ին, խաղաղութեան 47-րդ համաշխարհային օրուայն առթիւ, որուն այս տարուայ բնաբանն է <<եղբայրութիւնը որպէս խաղաղութեան հիմ ու ճանապարհ>>, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը, ս. Պետրոս տաճարին մէջ, կը գլխաւորէ հանդիսաւոր սուրբ պատարագի արարողութիւնը որուն աւարտին կ՛արտասանէ 2014-ի առաջին Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը։
Նշենք թէ առ ի պատրաստութիւն 2014-ի հոկտեմբերին գումարուած` Ընտանիքի նուիրուած եպիսկոպոսական արտակարգ սիւնհոդոսին, 31 դեկտեմբեր 2013-ի երեկոյեան ժամը 23.15-էն սկսեալ, Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ տեղի կ՛ունենայ աղօթքի հսկում <<ընտանքի եւ աշխարհի մէջ միութեան ու խաղաղութեան համար>>։
Հսկումը կազմակերպուած է <<ընտանեկան սէր>> շարժումի նախաձեռնութեամբ որուն բացումը կը կատարէ գերապայծառ Մաթթէօ Ծուփփի` Հռոմի Թեմի տեղապահ եպիսկոպոս։








All the contents on this site are copyrighted ©.