2013-12-31 09:44:20

Մելքիթներու Յոյն Կաթողիկէ պատրիարքին կոչը Քրիստոնեաներուն չհեռանալ Միջին Արեւելքէն։


''Հոս կ'ուզեմ մնալ Քրիստոսի մասին վկայութիւն տալու` որպէս մարդոց բարեկամը ''։

Յիսուսի ս. Ծննդեան տօնին առթիւ ուղղած իր պատգամին մէջ, Մելքիթներու Պատրիարք` Գիրգորիս Գ-ը կը հրաւիրէ քրիստոնեաները չգաղթել Արեւելքէն, ընդգծելով թէ <<առանց քրիստոնէութեան չկայ արաբականութիւն>>։ Ան միաժամանակ կը հրաւիրէ մահմետականները որ ապրին իրենց հարազատ իսլամութիւնը, հեռու մնալով քաղաքական ու սալաֆիթ իսլամութենէն։ Արաբական աշխարհը պէտք ունի մեզի եւ չզրկենք զայն մեր ներկայութենէն ու քրիստոնէական վկայութենէն – ըսաւ Մելքիթներու պատրիարքը իր պատգամին մէջ - ցաւով յիշեցնելով որ <<Նափլուզի շրջանին մէջ կային 53 քրիստոնեայ գիւղեր իսկ ներկայիս հոն կը մնան միայն այդ համայնքներու եկեղեցիներն ու գերեզմանները։ Քրիստոնեաները մեկնեցան, տուները թափուր են եւ արտերը անմշակ։








All the contents on this site are copyrighted ©.