2013-12-31 09:47:05

Իրանի Նախագահը Թեհրանի Հայկական Հիւանդանոցին 350,000 տոլարի նուիրատուութիւն կատարած Է։


ԻՐՆԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի հայ համայնքին պատկանող «Աւպիսեան» հիւանդանոցին 10 միլիառ իրանեան ռէալի (շուրջ 350,000 տոլար) նուիրատուութիւն կատարած է:
Նախագահի խորհրդական Հիւսէյն Ֆերէյտուն ըսած է, որ իսլամներու եւ ոչ իսլամներու համակեցութիւնը Իրանի մէջ լաւ օրինակ է շրջանի բոլոր երկիրներուն համար:
Թեհրանի մէջ գտնուող հայկական հիւանդանոց այցելութեան ընթացքին ան նշած է, որ «փոքրամասնութիւն» ըսելու փոխարէն աւելի լաւ է ըսել «ոչ իսլամ իրանցիներ»:








All the contents on this site are copyrighted ©.