2013-12-30 10:34:51

Սուրբ Պետրոսի մէջ աղօթքի հսկում Ընտանիքի նուիրուած սիւնհոդոսի դիտաւորութեան։


Առ ի պատրաստութիւն 2014-ի հոկտեմբերին գումարուած` Ընտանիքի նուիրուած եպիսկոպոսական արտակարգ սիւնհոդոսին, 31 դեկտեմբեր 2013-ի երեկոյեան ժամը 23.15-ին, Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ տեղի կ՛ունենայ աղօթքի հսկում <<ընտանքի եւ աշխարհի մէջ միութեան ու խաղաղութեան դիտաւորութեան>>։
Հսկումը կազմակերպուած է <<ընտանեկան սէր>> շարժումի նախաձեռնութեամբ որուն բացումը կը կատարէ գերապայծառ Մաթէօ Ծուփփի` Հռոմի Թեմի տեղապահ եպիսկոպոս։
Յայտնենք որ կիրակի 29 դեկտեմբերին` Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքի ընթացքին Ֆրանչիսկոս Պապը` իրեն յօրինած եւ Սուրբ Ընտանիքի նուիրուած յատուկ աղօթք մը արտասանեց որուն մէջ վերյիշեց յառաջիկայ 2014-ին Ընտաինքի նուիրուած սիւնհոդոսը Սուրբ Ընտիանքէն հայցելով որ սիւնհոդոսը կարենայ բոլորին մէջ արթնցնել գիտակցութիւնը` Ընտանիքի սուրբ ու անձեռնմխելի բնոյթին ու անոր գեղեցկութեան` Աստուծոյ ծրագիրէն ներքեւ։
Նոյն օրը Սպանիայի <<Սակրատա Ֆամիլիա>> պազիլիքայի, Իտալիոյ Լորէթօ Սրբավայրի եւ Երուսաղէմի Աւետման Պազիլիքայի մէջ, սրբազան արարողութիւններ կատարուեցան Ընտանիքի եւ սիւնհոդոսի դիտաւորութեամբ։








All the contents on this site are copyrighted ©.