2013-12-30 14:53:30

Եկեղեցական Գիտելիքներ:
7-րդ Շաբաթ Յիսնակաց (29 Դեկտեմբեր 2013 – 4 Յունուար 2014)


Յիսնակաց 7-րդ շաբաթը հաշուետուութեան շաբաթն է. Յիսուս առակ մը կը պատմէ, որուն մէջ իշխանութեան տէր անձ մը իր ծառաներուն մէկական ոսկի կը յանձնէ որպէսզի իր բացակայութեան զայն շահագործեն. Եւ վերադարձին` հաշիւ կը պահանջէ իրենցմէ. Ի՞նչ ըրիք այդ մէկ ոսկին. Մինչ անոնցմէ մին կը հաստատէ թէ մէկը տասը բերաւ եւ ուրիշ մը թէ մէկը հինգ բերաւ, երրորդ մը կու գայ եւ ոսկին զոր ծրարած էր թաշկինակի մը մէջ` կը յանձնէ ինչպէս որ էր, առանց զայն օգտագործած ըլլալու։
Ոսկին որ կը յանձնուի մեզմէ ամէն մէկուն` Աստուծոյ տուած տաղանդներն ու ձիրքերն են. Տէրը մեզի յանձնած է զանոնք որպէսզի օգտագործենք մեր շուրջիններու օգտին եւ Ատուծոյ փառքին համար։ Անոր համար մեզմէ հաշիւ պիտի պահանջուի. Տարուան վերջին օրերուն` ժամանակն է ուր պիտի կատարենք հաշուեկշիռը մէկ տարուայ մեր կեանքին, իրազեկ ըլլալու համար թէ որքանով օգտագործած ենք մեր մէջ դրուած զանազան տաղանդները։
Երկուշաբթի 30 Դեկտեմբերին, տօնն է երկու առաքեալներու, երկու եղբայրներ, Յակոբ եւ Յովհաննէս, զոր միւս առաքեալները կը կոչեն Որոտման որդիներ, հաւանաբար որովհետեւ քիչ մը բուռն նկարագիր ունէին եւ անմիջապէս կ՛ուզէին հակազդել Քրիստոսի հանդէպ գործուած անզիջողութեան, կայծակներ տեղացնելով քաղաքին վրան, որմէ կ՛անցնէին։ Ըստ աւանդութեան, Յակոբ եղաւ առաջին նահատակներէն մին քրիստոնէութեան, իսկ Յովհաննէս ամենաերկար կեանքն ունեցաւ, մինչեւ 100 տարիքը հասաւ ըստ ոմանց, եւ ինքն է որ գրեց չորրորդ աւետարանը, ինչպէս նաեւ սիրոյ խրատներով լի երեք նամակները։
Երեքշաբթի 31 Դեկտեմբերին, ºûÃÝ»ñáñ¹ ûñ ÍÝݹ»³Ý øñÇëïáëÇ£
Չորեքշաբթի 1 Յունուարին` Քրիստոսի Տնօրէնութեան եւ անուան տօնն է. ծննդենէն ութը օր վերջ, արդարեւ, ըստ Ղուկասի զեկուցումին, Քրիստոս կը թլփատուի եւ իրեն կը տրուի Յիսուս անունը. Այս տօնակատարութեամբ` Եկեղեցին կ՛ուզէ Նոր Տարուայ հեթանոսական տօնը սրբացնել եւ քրիստոնէութեան յարմար տօն մը նուիրել։ Այդ օրը նաեւ Համաշխարհային Խաղաղութեան օրն է. այդ առթիւ` Սրբազան Պապը իր պատգամը կը յղէ համայն մարդկութեան։
Հինգշաբթի 2 Յունուարին կը տօնենք Աբրահամ, Խորեն, անարծաթ բժշկացն Կոզմայ եւ Դամիանոս Սուրբերու տօնը։ Ինպէս նաեւ Յիզտբուզտ վկայի տօնը։

Շաբաթ 4 Յունուարին` կը տօնենք դարձեալ Կեսարիոյ մեծ հայրապետները, Բարսեղ եւ Գրիգոր Նիւսացի, զոր անցեալ շաբթու մէջ տօնած էինք արդէն. Այս կրկնութիւնները կը պատահին տօնացոյցերու փոփոխութեան պատճառաւ, ուստի զարմանալու չէ եթէ յանկարծ միեւնոյն շաբթուան մէջ նոյն սուրբերը տօնուին։
Նոյն օրը կը տօնենք Սուրբ Եփրեմ Ասորի Վարդապետը, զոր մեր Հայրերը կ՛անուանեն Խուրի։ Գլխաւոր կազմակերպիչը եղած է ասորական ծէսին եւ եկեղեցական երգերուն ու մեղեդիներուն. Կատարած է նաեւ բազմաթիւ մեկնութիւններ Սուրբ Գրքէն, որոնք գրեթէ բոլորն ալ հայերէնի թարգմանուած են. Ծնած է Ամիդ եւ մկրտուած է Սուրբ Յակոբ Մծբնացիէն, որ հետագային զինք նաեւ քահանայ ձեռնադրած է։ Վախճանած է Եդեսիոյ մէջ, 378-ին։ Հայերու մօտ շատ ժողովրդական սուրբ մը եղած է մասնաւորապէս իր աղօթագրքովը։








All the contents on this site are copyrighted ©.