Անձնասպանական գործողութիւն Վոլկոկրատի մէջ. Տասնեակներով զոհեր եւ վիրաւորներ։
Նոր պայթում մը հարուածեց Վոլկոկրատը Առնուազն 14 զոհեր արձանագրուեցան,
երբ Ռուսիոյ Վոլկոկրատ քաղաքին մէջ փոխադրակառքի մը դէմ անձնասպանական գործողութիւն մը
տեղի ունեցաւ: Մէկ օր առաջ մէկ այլ անձնասպանական գործողութիւն մը քաղաքին մէջ 17 զոհ
պատճառած էր: Նուազ քան 24 ժամուան ընթացքին երկու պայթումներու արձանագրման լոյսին
տակ` Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին հրամայեց Ռուսիոյ տարածքին, մասնաւորաբար Վոլկոկրատի
մէջ ապահովական միջոցառումները ամրապնդել: Վոլկոկրատ հոկտեմբերին եւս ականահարումի
թիրախ դարձած էր, երբ կին մը փոխադրակառքի մը դէմ անձնասպանական գործողութիւն կատարելով
6 զոհ պատճառեց: Տակաւին որեւէ խմբաւորում գործողութեանց պատասխանատուութիւնը չէ ստանձնած: Մոսկուա
մտահոգ է, որ Սոչիի մէջ 2014-ի ձմեռնային Ողիմպիական խաղերու նախօրեակին զինեալ խմբաւորումները
բռնարարքներուն թափ կու տան: Միջազգային ողիմպիական կոմիտէի մէկ բանբերը «Ռոյթըրզ»
լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ կազմակերպութիւնը կասկած չունի, որ ռուսական իշխանութիւնները
խաղերուն անվտանգութիւնը պատշաճ կերպով կ՛ապահովեն: Շրջանի կառավարիչը բոլոր զոհերուն
համար հնգօրեայ սուգ յայտարարեց: