2013-12-28 10:49:04

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի 27 եւ 28 դեկտեմբերի թուիթները։ Քահանայապետական կայքի հետեւորդներու թիւը աւելի քան 11 միլիոն։


Ուրբաթ, 27 դեկտեմբեր, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր թուիթերեան կայքի վրայ հրատարակեց հետեւեալ թուիթը`

<<Աւետարանի ուրախութիւնը միշտ բնակի ձեր սրտերուն մէջ, մանաւանդ Ծննդեան շրջանի ընթացքին։>>

Իսկ 28 դեկտեմբերին հրատարակած թուիթը եղաւ`

<<Մարիամ` մեր Մայրը, լիովին գեղեցիկ է որովհետեւ շնորհքներով լի է։>>

Յայտնենք որ Քահանայապետական @Pontifex էջի հետեւորդներու թիւը գերազանցեց արդէն 11 միլիոնը։ Քահանայապետկան թուիթերեան կայքը իր գործունէութիւնը սկսած էր 1 տարի առաջ, 12 դեկտեմբեր 2012-ին, Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր Քահանայապետի օրով։
Սկզբնական շրջանին թուիթները հրատարակուեցան չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութեան առթիւ, ապա անոնք սկսան հրատարակուիլ ամենօրեայ հերթականութեամբ։ Թուիթները կը հրատարակուին 9 լեզուներով` Իտալերէն, ֆրանսերէն, Անգլերէն, Սպաներէն, Գերմաներէն, Փորթուկալերէն, Լեհերէն, Արաբերէն եւ 2013-ի` 17 յունուարէն սկսեալ նաեւ Լատիներէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.